Կիրակի, 08. 03. 2026

spot_img

Հարիրի Ուաշինկթընի Մէջ Հիւրընկալեց Փոմփէոն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի Ուաշինկթընի իր ագարակին մէջ հիւրընկալեց ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոն: Այս հանդիպումը երկրորդն է վերոյիշեալ երկու անձերուն միջեւ Հարիրիի ԱՄՆ գտնուած ժամանակամիջոցին ընթացքին:

Փոմփէոյի կ՛ընկերակցէր Փոմփէոյի տիկինը: Նշենք, որ Հարիրիի ընտանիքն ալ կը գտնուի նոյն վայրին մէջ:

Նախորդ հանդիպման ընթացքին պետական քարտուղարը նշած էր, որ Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ նոր պատժամիջոցներ կրնան կիրակուիլ:

«Հըզպալլայի դէմ միշտ ալ պատժամիջոցներ եղած են, սակայն իմ պարտականութիւնն է, որպէս երկրին վարչապետը Լիբանանը զերծ պահել ամէն վտանգէ, որ նման պատժամիջոցներու հետեւանքները կրնան ըլլալ Լիբանանի վրայ« ըսաւ Հարիրի:

Հանդիպումներուն ընթացքին Փոմփէօ յայտնած է, որ իր երկիրը պատրաստ է միջնորդի դեր խաղալ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ինչ կը վերաբերի ծովային սահմանի շուրջ յառաջ տարուող խօսակցութիւններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին