«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի Ուաշինկթընի իր ագարակին մէջ հիւրընկալեց ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոն: Այս հանդիպումը երկրորդն է վերոյիշեալ երկու անձերուն միջեւ Հարիրիի ԱՄՆ գտնուած ժամանակամիջոցին ընթացքին:
Փոմփէոյի կ՛ընկերակցէր Փոմփէոյի տիկինը: Նշենք, որ Հարիրիի ընտանիքն ալ կը գտնուի նոյն վայրին մէջ:
Նախորդ հանդիպման ընթացքին պետական քարտուղարը նշած էր, որ Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն դէմ նոր պատժամիջոցներ կրնան կիրակուիլ:
«Հըզպալլայի դէմ միշտ ալ պատժամիջոցներ եղած են, սակայն իմ պարտականութիւնն է, որպէս երկրին վարչապետը Լիբանանը զերծ պահել ամէն վտանգէ, որ նման պատժամիջոցներու հետեւանքները կրնան ըլլալ Լիբանանի վրայ« ըսաւ Հարիրի:
Հանդիպումներուն ընթացքին Փոմփէօ յայտնած է, որ իր երկիրը պատրաստ է միջնորդի դեր խաղալ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ինչ կը վերաբերի ծովային սահմանի շուրջ յառաջ տարուող խօսակցութիւններուն:






