«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Տօնական օրերուն Պէյրութի օդակայանը դարձեալ խճողումի վայր դարձաւ, ուր ճամբորդներ ստիպուեցան ժամերով շարքերու մէջ կանգնիլ: Նման վիճակի մէջ սպասման ժամը յաճախ գերազանցեց երեքը:
Խճողումը երկու ուղղութեամբ է, թէ ժամանողներու եւ թէ մեկնողներու: Օդակայանի աղբիւր մը նշեց, որ նախանցեալ օր 24 ժամուայ ընթացքին օդակայան ժամանած են 21000 ճամբորդներ:






