Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Human Rights Watch Կը Զգուշացնէ Աղբի Նոր Տագնապէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ -Մարդկային Իրաւանց պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնը լիբանանի կառավարութիւնը մեղադրեց ի տես անոր ձախողութեան լուծելու համար աղբերու հին նոր խնդիրը: Տագնապը այս անգամ Թրիփոլիէն է, ուր նշեալ կազմակերպութիւնը կը կարծէ, որ լուրջ հիւանդութիւններ կրնան ծագիլ աղբերու կուտակումով:

Լիբանանի հարաւը՝ Սայտա նոյնպէս տօնական օրերը անցուց աղբերով շրջապատուած ուր նաեւ անոնց մշակման խնդիրը կը մնայ անլոյծ:

Մեթնի մէջ նոյնպէս, երէկ երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ Պուրճ Համուտի աղբավայրէն կոչ ուղղեց կենսոլորտի նախարարին զգուշացնելով անոր ընդարձակման ծրագրին մասին, որ անընդունելի է ըսաւ երեսփոխանը նկատի ունենալով շրջանի ժողովուրդին իրավիճակն ու անյոյս կոչերը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին