«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –2006ի Յուլիսեան Պատերազմի աւարտին զուգադիպող թուականին՝ երէկ Նասրալլա հեռագիր մը յղելով Իրանի Արտաքին գործոց նախարարին, Հըզպալլայի առաջնորդ Հասան Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին, իր ցուցաբերած նպաստին համար նշեալ պատերազմի օրերուն:
Յիշեցնենք, որ 34 օր տեւած պատերազմը իր աւարտին հասաւ Օգոստոս 14, 2006ին երբ ՄԱԿի միջնորդութեամբ կրակմար հաստատուեցաւ եւ իսրայէլեան բանակը նահանջեց Լիբանանէն: Աւելի քան 1000 լիբանանցիներ զոհուեցան այս պատերազմին եւ երկրին տնտեսութիւնը ահաւոր վնասներու ենթարկուեցաւ:
Իր հեռագրին մէջ Նասրալլա կը խրախուսէ Իրանը դէմ կանգնելու ամերիկեան ծրագիրներուն շրջանին մէջ:






