Կիրակի, 27. 07. 2025

spot_img

Մահագրական. Գրիգոր Սեդրակեանի Յիշատակին

2018 Յուլիս 22-ինշ մեզմէ ընդմիշտ բաժանուեցաւ մեզի շատ սիրելի եւ յարգելի հարազատ՝ Գրիգոր Սեդրակեանը՝ ետին ձգելով անմոռանալի վառ յուշեր :

         Գրիգոր Սեդրակեանը մեր միտքին մէջ կը կանգնի ժպտադէմ, միշտ հեզ եւ բարի, լաւատես անշահախնդիր եւ ընտանիքին նուիրեալ մարդ:

         Երկար տարիներ աշխատելով պետական տուրքերու որպէս գանձիչ, իր կարելիութիւնները սահմանին մէջ օգնեց անխտիր բոլորին տալով օգտակար խրատներ եւ ցուցմունքներ, յատկապէս, արաբերէն լեզուին ոչ շատ տիրապետող գործարարներուն: Գրիգոր Սեդրակեանի համար դպրոցը եւ եկեղեցին առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացներ:

Մարդկային իր յարաբերութիւններուն մէջ անկեղծ էր, կ’ապրէր ու կը գործէր հոգածութիւն ու սէր փոխանցելով բոլոր իր շրջապատին: իր հանդարտ բնաւորութեան շնորհիւ, արդար դատողութեամբ կը մօտենար  ոեւէ հարցի:

Իր ներկայութիւնը՝ ընտանեկան հաւաքներու, հարսանիքներու եւ տօնական խրախճանքներու միշտ ալ եղած է շատ հաճելի, եւ իր կողակիցին Փէկիին հետ շատ համակրելի զոյգ: Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմի վատ օրերուն ինք միշտ լաւատես իր որ Լիբանանը փիւնիկի մը նման պիտի բարձրանայ մոխիրներու մէջէն, միշտ լաւատես էր Լիբանանի ապագայով եւ ոեւէ ժամանակ չի մտածեց Լիբանանէն գաղթելու մասին, իր աշխատասէր բնաւորութեամբ մինչեւ իր վերջին շունչը գործեց առանց դժգոհելու որեւէ անհանգստութիւնէ.

Յիշատակդ անթառամ մնայ Սիրելի Գրիգոր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին