«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երկրին նախագահը, խորհրդարանի նախագահը եւ վարչապետը վերջապէս միատեղ հանդիպեցան երէկ խորհրդարանին կողմէ պիւտճէի վաւերացումէն 3 շաբաթ ետք:
Լիբանանի 2019ի պիւտճէն կը միտի պիւտճէական բացը պահել 7 տոկոսի սահմաններուն մէջ նախկին տարուայ 11,1 տոկոսին հետ համեմատած:
Շուտով ժողովին միացան Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը, Ելեւմուտքի, տնտեսութեան նախարարները, դրամատուներու միութեան նախագահը եւ խորհրդարանի պիւտճէի եւ ելեւմուտքի յանձնախումբի նախագահը: ,
Ժողովին արդիւնքները լաւատեսական էին, ըստ ժողովականներու արտայայտութեանց:






