Ուրբաթ, 13. 03. 2026

spot_img

Հարիրի Կը Գովէ Լիբանան-Ռուսիա Յարաբերութիւնները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանի Վարչապետ Սաատ Հարիրի գովեց Լիբանան-Ռուսիա յարաբերութիւնները: Ան այս խօսքը ըսաւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատման 75 ամեակին առիթով: Այս բոլորը նշուեցան Հարիրիին ղրկած նամակին մէջ, որ ուղղուած էր Ռուսիոյ վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւին:

 Հարիրի վեր առաւ Ռուսիոյ մշտական զօրակցութիւնը ի խնդիր Լիբանանի գերիշխանութեան նամանաւանդ անոր դիմակալած ամենադժուարին օրերուն երբ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի սահմանները կը խախտուէին 2006ի պատերազմին, որ աւարտեցաւ ՄԱԿի 1701 որոշումով, որուն մէջ կարեւոր դեր ունէր Ռուսիան:

Հարիրի նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ Լիբանանեան բանակին իր տուած օգնութիւններուն համար: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հարիրի ռուսական այն նախաձեռնութեան համար, որ կը միտի սուրիացի պատսպարեալները իրենց երկիրը վերադարձնելու:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին