«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յայտարարութեամբ մը, որ աւելի եւս սրեց լարուած ներքաղաքական մթնոլորտը, Ընկերվար-Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը Պասիլը ամբողջական պատասխանատուն նկատեց անցեալ ամիս պատահած Քապր Շմունի ապահովական դէպքին: Այս մասին յայտարարեց կուսակցութեան անդամ՝ ճարտարարուեստի նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը:
«Մենք Պասիլը կ՛ամբաստանենք, բարոյապէս, քաղաքականապէս եւ օրինական գետնի վրայ» ըսաւ Ապու Ֆաուր հեռարձակուած ասուլիսի մը ընթացքին:
Ան ըսաւ, որ այդ օր արձանագրուած զոհերը ուղղակիօրէն արդիւնքն էին Պասիլի շրջան այցելութեան:
Ապու Ֆաուր ըսաւ, որ Պասիլի համայնքային յայտարարութիւնները մթնոլորտը անհանդուրժելի դարձուցած էին, եւ իրմէ բացի, ոեւէ նախարարի կամ Ազգային Ազատ Հոսանքի պատասխանատուի մը այցելութիւնը նման արդիւնքի պիտի չհանգեր:
Նախարարը իր խօսքով սլաքներ ուղղեց նաեւ նախագահ Միշէլ Աունին իր փեսային վտանգաւոր պահուածքին համար: