Երկուշաբթի, 21. 04. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիիոյ Կաթողիկոսութեան Ձեռագիրներու Վերանորոգութիւն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի ձեռագիրներու վերանորոգման աշխատանքները սկսած են Մայրավանքէն ներս։ Այս յոյժ կարեւոր ծրագիրին իրագործման նիւթապէս կ՚աջակցի Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը «Աշխարհի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանումը» ծրագրին ծիրէն ներս։ Վերանորոգման աշխատանքները կը կատարուին Շթութկարթի (Գերմանիա) Հայկական Մշակոյթի Պահպանութեան Ընկերութեան անմիջական աջակցութեամբ։

Արդարեւ, Երկուշաբթի, 5 Օգոստոս 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելութիւն մը տուաւ աշխատակազմին, որուն կը գլխաւորէ ճարտարապետ եւ վերոնշեալ ընկերութեան ներկայացուցիչ Վարդ Պիզանս, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնայ աշխատանքի ընթացքին։

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան շրջանին երկու առիթներով Կաթողիկոսարանի ձեռագիրները վերանորոգուած են Հայաստանի մասնագէտներու կողմէն։

Վերանորոգման աշխատանքները պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին