Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Ժաաժաա Կոչ Կ՛ընէ Կառավարութեան Նիստ Գումարելու Մէկ Կողմ Դնելով Ալէյի Պատահարը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Նախարարաց Խորհուրդը պէտք է պահ մը շրջանցէ Ալէի արիւնալի պատահարը եւ նիստ գումարէ քննարկելու երկիրը հիւծող լուրջ օրակարգեր ըսաւ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա:

Ըստ Ազգային Լրատուական Գործակալութեան, Ժաաժաա աւելցուց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կարիքը ունի ամէն օր ժողովներ գումարելու լուծելու համար երկրին խնդիրները ու փրկելու զայն:

Իր խօսքին մէջ Ժաաժաա ամբաստանեց բոլոր անոնք, որոնք Ալէյի հարցը Դատաստանական Խորհուրդ փոխադրել ցանկացողները, ըսելով, որ հարցին այս ընթացքը առնելը կը միտի աւելի եւս անդամալուծել երկիրը: 

Ըստ Ժաաժաաի երկիրը լուրջ եւ անմիջական հարցեր ունի ինչպէս աղբերու պարագան եւ ՍԵՏՐի խորհրդաժողովի պայմանները, որ կը վերաբերի երկրին տնտեսութեան:  Ան նաեւ լուրջ համարեց պետական նշանակումներու օրակարգը որ տակաւին  կը քաշքշուի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին