«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Նախարարաց Խորհուրդը պէտք է պահ մը շրջանցէ Ալէի արիւնալի պատահարը եւ նիստ գումարէ քննարկելու երկիրը հիւծող լուրջ օրակարգեր ըսաւ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաա:
Ըստ Ազգային Լրատուական Գործակալութեան, Ժաաժաա աւելցուց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կարիքը ունի ամէն օր ժողովներ գումարելու լուծելու համար երկրին խնդիրները ու փրկելու զայն:
Իր խօսքին մէջ Ժաաժաա ամբաստանեց բոլոր անոնք, որոնք Ալէյի հարցը Դատաստանական Խորհուրդ փոխադրել ցանկացողները, ըսելով, որ հարցին այս ընթացքը առնելը կը միտի աւելի եւս անդամալուծել երկիրը:
Ըստ Ժաաժաաի երկիրը լուրջ եւ անմիջական հարցեր ունի ինչպէս աղբերու պարագան եւ ՍԵՏՐի խորհրդաժողովի պայմանները, որ կը վերաբերի երկրին տնտեսութեան: Ան նաեւ լուրջ համարեց պետական նշանակումներու օրակարգը որ տակաւին կը քաշքշուի:






