Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Լիբանանեան Ինքնութիւնը Վտանգուած Է Քաղաքական Անելին Պատճառով. Ռաաի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մարոնիներու Պատրիարք Պշարա Ռաաի Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ Լիբանանեան ինքնութիւնը վտանգուած է քաղաքական անելին ինչպէս նաեւ օրէ օր աւելի եւս ճգնաժամային իրավիճակ ստացող ընկերատնտեսական դժուարութիւնները: Այս բոլորը պատճառ կը հանդիսանան մեծ թիւով քաղաքացիներու գաղթին:

«Լիբանան վտանգուած է ըսաւ ան ի տես քաղաքական լարուած կացութեան, որ իր կարգին կը խախտէ սահմանադրութիւնը եւ «Ազգային Հասկացողութիւնը»:

Ռաաին աւելցուց, որ ներկայ ընկերատնտեսական տագնապը մարդոց կը մղէ գաղթի, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն քրիստոնեաները, մինչ երկու միլիոն սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներ կան լիբանանեան հողին վրայ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին