Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

Նազարէթ Սալպաշեանի քաղցր յիշատակին

 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ողբացեալ Նազարէթ Սալպաշեանի թաղման տխուր եւ յուզիչ կարգը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 8 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ, Նիւ Եորք, գլխաւորութեամբ նորընտիր Առաջնորդ Դանիէլ Եպս. Ֆընտըքեանի եւ մասնակցութեամբ լուսարարապետ Մեսրոպ Վրդ. Բասմաճեանի, Հայր Սիմէոն Օտապաշեանի, Հայր Արշէն Այվազեանի եւ Հայր Գարեգին Գասպարեանի։

Առաջնորդ Հայրը մասնաւորեց հանգուցեալին արժանիքները եւ իբրեւ ականատես իր վկայութիւնը տուաւ որպէս պարկեշտ, աշխատունակ եւ ուղղամիտ բազմամեայ անդամը առաջնորդարանի անձնակազմին։

Նազարէթին վաղեմի դասընկերներէն ոմանք եւ մօտիկ բարեկամներ, ընտանիքի պարագաներուն կողքին մասնակցեցան եկեղեցական արարողութեան, ապա Սիտըր Կրովի գերեզմանատան մէջ դարձեալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Մայր տաճարի լուսարարապետ Մեսրոպ Վրդ.ի աղօթքով ներկաները իրենց վերջին յուզումնախառն հրաժեշտը տուին Նազարէթին։

Հոգեճաշը տեղի ունեցաւ հայկական «Սեւան» ճաշարանին մէջ, Սրբազան Հօր ներկայութեամբ։ 

Կան կորուստներ կեանքի մէջ, որոնք սպասելի են։ Կորուստներ կան սակայն, որոնք բոլորովին անակնկալ են, անժամանակ եւ հաշտուիլը դժուար։

Հայեցի տոհմիկ եւ նահապետական ընտանիքի հարազատ զաւակ, տիպար եւ նուիրեալ ընտանիքի տէր Նազարէթ Սալպաշեան անաղմուկ հրաժեշտ տուաւ այս աշխարհէն 2 Յուլիս 2019-ին։

Անողոք եւ անդարմանելի հիւանդութիւնը կարճ ժամանակի մը մէջ հիւծեց եւ ապա զգետնեց այս աշխոյժ եւ կորովի ազնիւ անձը։ Օրինակելի հայր՝ ան խանդաղատանքով մեծցուց իր երեք զաւակները, դրոշմելով անոնց հոգիներուն մէջ հայու հոգին, այնպէս ինչպէս ինք ժառանգած էր իրաւ հայկականութիւն՝ իր ընտանիքէն։

Հեզահամբոյր եւ հաղորդական խառնուածքի տէր, ան առանց ամենադոյզն ակնկալութեան կ՚աջակցէր ամէնուն, ըլլայ գործի իր միջավայրին կամ ընտանեկան կեանքի շրջանակէն ներս, անայլայլ կերպով։

Իր գործին մէջ պարկեշտ, անշահախնդիր եւ ուղղամիտ, Նազարէթը արդարօրէն շահած էր Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի բովանդակ անձնակազմին, ներառեալ կրօնական աւագանիին անխախտ վստահութիւնը, երկու տասնամեակ ամբողջ ձեռնհասօրէն վարելով առաջնորդարանի գրատան վարիչ տնօրէնի պաշտօնը։

Հայ գիրի ու գրականութեան բարեկամ, Նազարէթ տակաւ ճոխացուց գրատան մէջ վաճառուող գիրքերուն ցանկը եւ ընդարձակեց գիրքերու առաքման ցանցը։ Պարտաճանաչ եւ ճշդապահ, առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը անվարան կը դիմէր իրեն, քաջ գիտակցելով, թէ որեւէ խնդրանք կամ առաջարկ հաճոյակատար կերպով գլուխ պիտի հանէր ան։ Նազարէթը մարդկային ամէնէն ազնիւ առաքինութիւններով առլցուն տիպար անձ մըն էր, ժուժկալ, համեստ եւ ծառայասէր։

Յաճախած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, ուր իր ոգին տակաւ տոգորուած է հայրենասիրութեամբ եւ միտքը հարստացած հայագիտական գիտելիքներով։

Յատուկ կրթաթոշակով տարի մը ուսանած է Կալկաթայի (Հնդկաստան) հայկական Ճեմարանին մէջ։ Պէյրութ վերադարձին, ան հետեւած է Հայկազեան Համալսարանի դասընթացքին։ Ընդգրկած է գործի ասպարէզ եւ ապա ամուսնանալով կազմած է հայկական տիպար եւ տաքուկ բոյն մը։

1984 թուականին Լիբանանէն փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր բնակութիւն հաստատած է Նիւ Ճըրզիի Ֆորթ Լի քաղաքին մէջ, իր հարազատ քոյրերուն եւ եղբայրներուն մերձակայ։

Ողբացեալ Նազարէթին կանխահաս մեկնումը անցաւոր այս աշխարհէն, թախիծ եւ արցունք թողած է իր ետին։

Թէեւ դառն ճակատագիրը վաղահաս խլեց Նազարէթը իր հարազատներէն եւ բազմաթիւ բարեկամներէն, սակայն իր անուշ յիշատակը պիտի յամենայ բոլորին հոգիներուն մէջ։

Իր կողակիցին՝ Ազնիւին հետ 39 տարիներ, այս զոյգը ստեղծեց համերաշխ հայ ընտանիք։ Երեք զաւակներն ալ իրար հաւասար չափով որդիական հոգածութիւն ցոյց տուին իրեն նկատմամբ։ Մարալը, Լիսան եւ Սեւակը իրենց բովանդակ երիտասարդ կեանքի ընթացքին՝ մեծարանքով վարուեցան իրենց հօր նկատմամբ։ Ան ոչ միայն իրենց սիրելի հայրն էր, այլ մտերիմ բարեկամը։ Կեանքի բոլոր դժուարութիւնները ան դիմակալեց իրեն իւրայատուկ հանդարտութեամբ եւ երբեմն ալ ժպիտով։ Ուսանելի օրինակ մը արդարեւ իր ընտանիքին անդամներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կ՚ողբան իր վաղաժամ բաժանումը մեզմէ։

Բարի յիշատակդ մնայ առյաւէտ։

ՆԵՐՍԷՍ Ե. ՊԱՊԱՅԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին