ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-ՆՈՐ ՕՐ կը սգայ երկար տարիներու իր հաւատարիմ ընթերցողներէն եւ աշխատակիցներէն՝ արուեստագէտ Փրոֆ. Խաչատուր Փիլիկեանի մահը, որ պատահած է Լոնտոնի մէջ՝ Կիրակի, 28 Յուլիս 2019-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Փրոֆ. Փիլիկեան ծնած է 1937 թուականին, Մուսուլ, Իրաք։ Հռոմի մէջ ուսանած է ճարտարապետութիւն, յաճախած նոյն քաղաքի Գեղարուեստի ակադեմիան ու դասեր առած երաժշտանոցի երգի դասարանէն։ Գեղանկարիչ եւ մեներգիչ Փիլիկեան ապրած է Լիբանան, Միացեալ Նահանգներ եւ վերջապէս, 1978-էն ետք՝ Անգլիա։
Մեր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին հարազատներուն, մանաւանդ Արաքսի եւ Վազգէն Փիլիկեաններուն, ինչպէս նաեւ քրոջը՝ Տիկ. Արսինէ Ադդարեանին, Մոնթրէալ։