Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

ԲԱԼԻԿԵԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

ԹԱՄԱՏԱ – Ան որ սեղանին համ ու հոտ կու տայ։

ՆԻՒԹԱՊԱՇՏ – Ան որ փողի հետ կ՚ապրի ընդմիշտ հաշտ։

ՆՇԱՆԱԾ – Ան որ սիրտ-նետով նշան է առած։

ՍԱՏԱՆԱՅ – Ան որ օձի պէս շուրջդ կը սողայ։

ՆԱԽԱՆՁ – Ան որ ամէն տեղ կ՚ըսէ՝ նախ իմ անձ։

ԿՆԱՄԵԾԱՐ – Ան որ կիներու առջեւ կ՚ըլլայ ծառ։

ԱՂՔԱՏ – Ան որ բախտի դէմ ունի միշտ գանգատ։

ԱԳԱՀ – Ան որ չի կրնար ըսել՝ բաւ է ալ։

ԶՈՔԱՆՉ – Ան որ կը սոնքայ թէ ունեցաւ մանչ։  

ՄԵԿԵՆԱՍ – Ան որ կոյս գիրքը կը դարձնէ հարս։

ԱՅԼԱՍԵՐԱԾ – Ան որ վարք-բարքով դարձած է այլ անձ։

ԱՐԱՐԱԾ – Ան որ Ադամէն շունչ է ժառանգած։

ԴՐԱՄԱՏԷՐ – Ան որ կ՚ըսէ թէ՝ դրամն է իմ տէր։

ԽԵԼԱՑԻ – Ան որ գանկին մէջ ունի վազող ձի։

ԽՆԱՄԻ – Ան որ կը բերէ՝ թէ՛ վարդ, թէ՛քամի։

ԴԱՍԱԼԻՔ – Ան որ կը փախչի երբ տեսնէ ալիք։

ԱՌԱՔԻՆԻ – Ան որ կը մաքրէ ժանգը իր սրտի։

ԱՄՈՒՍԻՆ – Ան որ ծանր բեռ ունի իր ուսին։

ԵՐԳԻՉ – Ան որ կը ծախէ ականջ ծակող ճիչ:

ԳՐՉԱԿԻՑ – Ան որ գրողի դարձած է դրկից։

ՄԱՐՏԻՐՈՍ – Ան որ իտէալի համար կ՚իջնէ փոս։

ՀԵՐՈՍ – Ան որ յետ մահու կը դառնայ փարոս։

ՀՌԵՏՈՐ – Ան որ երբ խօսի կ՚ըլլայ հինգ կտոր։

ԼՐԱԳՐՈՂ – Ան որ կը շրջի որպէս լուրի գող։

ԵՍԱՄՈԼ – Ան որ իր եսին հետ կ՚ըլլայ ամոլ։

ՇԱՏԱԽՕՍ – Ան՝ որու լեզուն է գետ մշտահոս։

ԴԱՄԲԱՆԱԽՕՍ – Ան որ մեռեալը կ՚իջեցնէ փոս։

ՄԱՐԴԱՄՕՏ – Ան որ կը սիրէ առնել մարդոց հոտ։

ԿԱՍԿԱԾՈՏ – Ան որ սխտորէն կ՚առնէ սոխի հոտ։

ԲԱՆԱԳՈՂ – Ան որ ուրիշի միտքը կ՚առնէ փոխ։

ԳԻՆՈՎ – Ան որ թունդ օղին կը խմէ դուխով։

ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴ – Ան որ կը սեղմէ ոսոխի կոկորդ։

ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ – Ան որ խօսք-խոստում մերթ կը նետէ գետ։

ԸՆԿԵՐ – Ան որ քեզի կ՚ըսէ՝ եկուր հետս կեր։

ԹԵԿՆԱԾՈՒ  – Ան որ լոկ խօսքով կը բանայ ածու։

ԿԵՍՈՒՐ – Ան որ լեզուին տակ ունի նուշ եւ սուր։

ԲԱԽՏԱԽՆԴԻՐ – Ան որ բախտի հետ ունի միշտ խնդիր։

ԱՊԱՇԽԱՐԱԾ – Ան որ աշխարհի հետ քէն է ըրած։

ՀԱՐԵՒԱՆ – Անոնք որ աչքիդ յաճախ կ՚երեւան։

ԳՐԱՏՈՒՆ – Հոն ուր գիրքերը կ՚առնեն երկար քուն։

ԻՄԱՍՏՈՒՆ  – Ան որ ոսկեկերտ ունի մտքի տուն։

ԻՄԱՍՏԱԿ – Ան որ բուն միտքը կ՚առնէ ոտքի տակ։

ԱՆԱՌԱԿ – Ան որ դաս չ՚առներ երբ կարդայ առակ։

 

ԵԶՆԻԿ ԲԱԼԻԿ

Յուլիս 2019

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին