Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Ազգային յուղարկաւորութիւն եւ թաղում Կարօ Պետրոսեանի

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, Յուլիս 22-ին մահացաւ սփիւռքահայ մտաւորական, ուսուցիչ, տնօրէն, հասարակական գործիչ, գիրքերու հեղինակ Կարօ Պետրոսեան՝ 90 տարեկան հասակին։

Ան ծնած է Ալեքսանտրէթ, 1929 թուականին։ Ընտանիքին հետ հաստատուած է Քամիշլի, Սուրիա։ Կարօ Պետրոսեանի ուսումնական ճանապարհը զինք հասցուցած է Հալէպ, Անթիլիասի Դպրեվանք, հաստատուած է Պէյրութ եւ ապա՝ շրջան մը Քանատա բնակելէ ետք, վերջնականօրէն կու գայ Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ։

Ան մեծ հայրենասէր էր, որ գիտէր Հայն ու Հայաստանը բարձր դասել կուսակցական եւ հատուածական շահերէ։ Յարգելի անձնաւորութիւն մը, որուն գիտելիքներուն եւ կրթա-դաստիարակչական դերին դիմաց գլուխ կը խոնարհենք այսօր։

***

Կարօ Պետրոսեանի ազգային յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Շաբաթ, Յուլիս 27-ին, ներկայութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արեւմտեան Ամերիկայի զոյգ թեմերու առաջնորդներուն՝ Տէր Յովնան եւ Տէր Մուշեղ արքեպիսկոպոսներուն, որոնք ցաւակցական իրենց արտայայտութիւններուն մէջ վեր առին Կարօ Պետրոսեան մտաւորականը, Դպրեվանքի ուսանողը, ուսուցիչն ու դաստիարակը։ Դպրեվանքի դասընկերներէն Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի ելոյթը նոյնքան յուզիչ էր եւ ազդու։ Ցաւակցական գիր յղած էր Արամ Ա. կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ։ Վերջապէս, ողբացեալին արժանաւոր զաւակը՝ Ասպետ Պետրոսեան փոխանցեց իր հօր սէրն ու կրակը, հանդէպ հայրենիքին ու հայոց լեզուին։ Անոր խօսքը թրթռացուց ներկաներուն հոգիները։

Կարօ Պետրոսեանի մահով կը կորսնցնենք հայատրոփ սիրտ մը, սակայն ան պիտի շարունակէ ապրիլ իր զաւակներուն, թոռներուն, աշակերտներուն եւ մեզ ժառանգ թողած իր հրատարակած գործերուն միջոցով։

Հողը թեթեւ գայ վրադ՝ սիրելի՛ պարոն Պետրոսեան։

ՆՈՐ ՕՐ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին