Ուրբաթ, 20. 02. 2026

spot_img

ՎԱԽԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

ՏԷՅՎԻՏ ՖՐԵՆՉ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Յունիս 21-ին, E. Jean Carroll գրագիտուհին բացայայտեց խռովիչ արարք մը. Տանըլտ Թրամփ բռնաբարած էր զինք 1990-ին վաճառատան մը մէջ։ Ասիկա 22-րդ կինն է, որ կը վկայէր թէ Թրամփ սեռային յոռի ընթացք մը ունեցած է։ Յիշեալ պնդումները աւելի լայնատարած եւ հաստատուած են, քան Հիլըրի Քլինթընի դէմ եղած ամբաստանութիւնները։

Կ՚արժէ հակադրուիլ Թրամփին, որ դրժած է Քերըլի պնդումը, (ինչպէս նաեւ այլ ամբաստանողներունը), որովհետեւ նոր գայթակղութիւնները խթանեցին հարաւի Մկրտչականները, որոնք 1998-ի Համագումարին հրապարակեցին «հանրային պաշտօնատարներու բարոյական նկարագրի մասին իրենց որոշումը»։ Յիշեալ փաստաթուղթին բանալի յայտարարութիւնը չարաշուք էր եւ երկդիմի. «Առաջնորդներու լուրջ յանցանքներուն հանդէպ թոյլատուութիւնը կը տաղէ հաւատացեալներուն խղճմտանքը, կը յառաջացնէ անհակակշիռ անբարոյութիւն եւ անկարգութիւն ընկերութեան մէջ»։

Անողոք պահանջքներու յորձանքը Թրամփի դէմ,– անցեալի բարոյական յստակ յայտարարութիւններով յագեցած,– մղած է միլիոնաւոր ամերիկացիներ պարզապէս հարց տալու աւետարանական քաղաքացիներու. «Ինչո՞ւ լքած էք ձեր նախկին յանձնառութիւնը քաղաքական բարոյականութեան, փարելով Տանըլտ Թրամփին»։

Բացատրողական մասնակի պատասխանը անուրանալի կերպով համախոհութիւնն (partisanship) է ու փառամոլութիւնը։ Ճերմակ աւետարանականները (Evangelicals) մեծամասնութեամբ հանրապետական են, ու պիտի քուէարկեն ի նպաստ իրենց կուսակցութեան։ Զօրութեան դիրքերու մօտ գտնուիլը միշտ հրապուրած է ամէն տեսակի կրօնական շարլաթանները։ Այնուհանդերձ, իրական պատճառը աւետարանական նեցուկին աւելի խոր է, ու խեռաբար (perversely)՝ նոյնիսկ կործանարար անոր կրօնական վկայութեան։ Պատճառը՝ վախն է։

Հարց տուէք խոստացեալ (engaged) աւետարանականներու ու վախը յաճախ տիրապետող բնաբանն է իրենց քաղաքական կեանքին։ Իրենց եկեղեցին պաշարումի տակ է չարակամ մշակոյթի մը կողմէ։ Իրենց կրօնական հաստատութիւնները օրինական յարձակումի ենթակայ են յառաջդիմականներու կողմէ։ Ձախակողմը կ՚ուզէ որ մայրապետները իրաւունք ունենան վիժումի, կամ յղութեան՝ արուեստական խափանումի դիմելով։

Նմանօրինակ հարցեր օրինապէս կարեւոր են, եւ աւետարանականներուն մտահոգութիւն կը պատճառեն։ Սակայն, պատճառ չկայ աւետարանականներուն լքելու իրենց երկարամեայ սկզբունքները, ու գործերու՝ այլ քաղաքական խմբաւորումներու նման։

Աւետարանական եկեղեցին կոչուած է ըլլալու լոյսի աղբիւր մը՝ մթագնող աշխարհի մը մէջ։ Իրեն տրուած չէ պերճանքը վախի վրայ հիմնուած որոշումներ կայացնելու։ Արդարեւ, բոլոր խմբաւորումներէն որոնք նուազագոյն վախը ունին ամերիկեան քաղաքականութենէն, քրիստոնեաները առաջնայինն են։ Հաւատացեալները մերժելու են վախը։

Այս կեցուածքը յստակօրէն ուսուցանուած է քրիստոնեայ նոր սերունդին, կանուխէն, կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ։ Հոն, նոր սերունդի միլիոնաւոր հաւատացեալներ կ՚ուսուցանուին Սուրբ գիրքի հետեւեալ համարով. «Որովհետեւ Աստուած մեզի ընծայեց ո՛չ թէ վախի ոգին, այլ՝ զօրութեան, սիրոյ եւ ինքնազսպումի»։

Սակայն, 2016-ին, խզում մը յառաջացաւ։ Տարիներու ինծի ծանօթ յարգելի մարդիկ, իրական վախ կը ցուցաբերէին Հիլըրի Քլինթընի նախագահութեան հաւանականութեան հանդէպ։ Անոնք կը հաւատային թէ անիկա մահացու վտանգի պիտի ենթարկէր եկեղեցին։ Քրիստոնեայ գրող Էրիք Մեթաքսաս կը գրէր. «Եթէ Հիլըրին յաղթական հանդիսանայ ընտրութիւններուն, «Բարձրագոյն ատեան»ը այլեւս պիտի արժեւորէր Սահմանադրութիւնը»։

Հաւատքը չէ որ կը խօսէր։ Անոնք երկիւղած մարդիկ էին, որոնք կը խորհէին, թէ կապուած պիտի ըլլային նախագահի մը, որուն առօրեայ կեանքը ծաղրանքի պիտի ենթարկէր ա՛յն արժէքները, զորս քրիստոնեաները որդեգրած էին։

Սակայն ինչո՞ւ այս կեցուածքը։ Միացեալ Նահանգներու Աւետարանական Եկեղեցին այնքան տկար չէ, որ կարօտի Տ. Թրամփի աշխարհիկ փրկութեան։ Նախապէս հալածեալ եկեղեցին պիտի ապշէր անոր ներկայի ունեցած քաղաքական վիթխարի զօրութենէն։ Ասիկա այնքան հզօրացած է այսօր, որ վեթոյի հակակշիռ ունի հանրապետական թեկնածութեան նշանակման վրայ։

Այսուհանդերձ, եկեղեցին կը գործէ այսօր, կարծես կարիքն ունենայ Թրամփի պաշտպանութեան։ Ասիկա քաջութիւն չէ, այլ՝ վանողական (repulsive) է, եւ այնքան ատեն որ այս վախը շարունակուի, կ՚՚ակնկալուի որ եկեղեցիին վարկը աւելի նուաստանայ։ Ենթադրեալ իր թշնամիներէն պաշտպանուելու համար, Աւետարանական Եկեղեցին կորսնցուցած է իր բնականոն գնացքը։

Ժամանակն է որ աւետարանականները օգտագործեն իրենց քաղաքական վեթոյի ուժը։ Միացեալ Նահանգներու հաւատացեալ Պահպանողականները փնտռելու են թեկնածու մը Թրամփի դէմ, իրենց ղեկավարութեան (GOP) ուղարկելով պատգամ մը, որ այլեւս զիջում պիտի չկատարեն։ Նման դիրքաւորում մը որդեգրուելու է, մեկնելով հաստատուն հաւատքի դիրքորոշումէ։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Թայմ» շաբաթաթերթ, 8 Յուլիս 2019

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին