Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Մահ՝ Փրոֆ. Խաչատուր Փիլիկեանի

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-ՆՈՐ ՕՐ կը  սգայ երկար տարիներու իր հաւատարիմ ընթերցողներէն եւ աշխատակիցներէն՝ արուեստագէտ Փրոֆ. Խաչատուր Փիլիկեանի մահը, որ պատահած է Լոնտոնի մէջ՝ Կիրակի, 28 Յուլիս 2019-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։

Փրոֆ. Փիլիկեան ծնած է 1937 թուականին, Մուսուլ, Իրաք։ Հռոմի մէջ ուսանած է ճարտարապետութիւն, յաճախած նոյն քաղաքի Գեղարուեստի ակադեմիան ու դասեր առած երաժշտանոցի երգի դասարանէն։ Գեղանկարիչ եւ մեներգիչ Փիլիկեան ապրած է Լիբանան, Միացեալ Նահանգներ եւ վերջապէս, 1978-էն ետք՝ Անգլիա։

Մեր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին հարազատներուն, մանաւանդ Արաքսի եւ Վազգէն Փիլիկեաններուն, ինչպէս նաեւ քրոջը՝ Տիկ. Արսինէ Ադդարեանին, Մոնթրէալ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին