Ուրբաթ, 13. 03. 2026

spot_img

ԱՄՆերու Մէջ Ֆ-35երու Համար Կրթութիւն Ստացող Թուրք Օդաչուները Կը Վերադառնան Թուրքիա

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ԱՄՆի կողմէ Թուրքիոյ ամերիկեան նոր սերունդի Ֆ-35 կործանիչներու ծրագրէն հեռացնելէն ետք ԱՄՆ-երու մէջ այդ կործանիչներուն համար յատուկ կրթութիւն ստացող թուրք օդաչուները սկսած են վերադառնալ Թուրքիա, իսկ իր կողմէն գնուած չորս Ֆ-35-երը մնացած են ԱՄՆ:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է թրքական «Տիքեն» լրատուամիջոցը:

Ըստ տեղեկութիւններու՝ թուրք օդաչուներու անձնակազմը բաղկացած էր 43 հոգիէ, որոնք կրթութիւն կը ստանային ԱՄՆերու Արիզոնա և Ֆլորիտա նահանգներու ռազմակայաններուն մէջ: Նախատեսուած էր, որ մինչեւ 2020 թուականը այդ անձնակազմին մէջ ներգրաւուած օդաչուներու թիւը պէտք է հասներ 300-ի:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին