Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Նամակ խմբագրութեան. Սփիւռքահայութիւնը կը մեռնի…

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Նամակագիր ընթերցողը մատը կը դնէ վէրքին վրայ։ Տխուր է իրականութիւնը, որուն անդրադարձանք վերջերս մէկէ աւելի առիթներով։ «Պերճ» գրատան փակումը հարցականները կ՚աւելցնէ մեր արդէն իսկ խորտուբորտ ճամբուն վրայ, որ կը կոչուի հայ դպրոց, հայերէն թերթ, գիրք, հայախօսութիւն, արեւմտահայերէն լեզու եւ անորոշ ապագայ ամերիկեան այս ափերուն վրայ։ Կը շարունակենք եւ պիտի՛ շարունակենք խօսիլ, գրել եւ կարդալ հայերէն, արեւմտահայերէն, պայքարելով հոսանքն իվեր…

ՆՈՐ ՕՐ

 

Այս վերջին երկու ամիսը իրարու ետեւէ բազմաթիւ լուրեր ստացայ, որոնցմէ ոչ մէկը յուսադրիչ էր սփիւռքահայութեան ճակատագիրին մասին: Լիբանանի մէջ իմ յաճախած երեք հայկական դպրոցներն ալ փակուած են (անցեալս արդէն չկայ), Պարսկաստանի մէջ 100-ամեայ հայկական դպրոց մը նոր փակուեցաւ: Իսկ այսօր` Կլենտէյլի երեք հայկական գրախանութներէն մէկը` «Պերճ գրատունը», որու սեփականատիրոջ՝ Պերճի հետ բազմամեայ համակրելի բարեկամութիւն մը ունիմ, երկու ամիսէն կը փակուի:

Պերճը պատահական հայ մը չէ եւ երկիւղած գուրգուրանք ունի հայ գիրքի հանդէպ: Գրախանութին մէջ հարսանեկան տոմսերու տպագրական պատուէրներ ընդունելով (ժամերով նստելէ յետոյ ամուսնացող զոյգերու կամ անոնց ընտանեկան ներկայացուցիչներուն հետ) ձեւով մը ծախսերը կը հանէր. իսկ հիմա, երբ ընդհանրապէս չքացաւ հայերէն գրքի պահանջը, այդ ալ հնարաւոր չէ:

Իսկ ես հայերէն` արեւմտահայերէն գիրք կը գրեմ: Հոգեւոր երազէս եւ առանձնացումէս արթննալէ յետոյ, տեսայ թէ կարդացող չէ մնացած: Մէկուն աչքը այնքան տկարացած է, որ չի կրնար կարդալ, միւսը մահացած է, միւսը նիւթական անձուկ վիճակի մէջ գտնուելու հետեւանքով տանտիրոջ կողմէ իր բնակարանէն վտարուած է եւ դրամ չունի, միւսը ընդհանրապէս կորեր է եւ չի գտնուիր, միւսը նեղացած է, քանի որ ժամանակին չեմ ընդառաջած անոր հրաւէրին` մի քանի ժամ մեքենայ քշելով իր տունը երթալու։ Միւսը չի գիտեր ինչ ընէ, քանի որ կինն է ինձմէ նեղացած, քանի որ հեռացուցած էի ընկերներուս շարքէն, որովհետեւ վերջինս երկու տարի ինձ լրատուական մեկուսացման էր ենթարկած, որպէսզի չկարդար ոչ մէկ գրածս: Մէկ խօսքով, մէջտեղը մարդ չէ մնացած. կամ մեռած են, կամ հիւանդացած, կամ բթացած, կամ հեռացած: Հրապարակը դատարկ է. ճանճ չես գտներ: Մի՞թէ սա մահացող հաւաքականութեան մը մահուան վերջին նախանշանները չեն: Ինչո՞ւ կը գրեմ. որո՞ւ համար կը գրեմ. որո՞ւ հոգն է որ կը գրեմ կամ ոչ: Այս հարցումներուն պատասխանը ես գիտեմ: Այդ կը մնայ իմ մէջ որպէս թաքնագիտական բանաձեւ: Բայց կը գրեմ համատարած մահուան մէջ: Մահ է ամէնուր, ամէն օր: Եւ այդ մահուան ովկիանոսն է որ քեզ օրէ օր կը կլանէ: Հայ գրող եղիր. ո՛չ. սխա՛լ. արեւմտահա՛յ գրող եղիր ու նո՛ր կը հասկնաս թէ ինչ է մահացող հաւաքականութիւնը կամ ազգը: Հայաստանը իր բոլոր խնդիրներով հանդերձ այս իրողութիւնը զգալո՛ւ անգամ կարողութիւնը չունի:

 

ԱՐՄԷՆ ՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըս

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին