«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամատ Ժաուատ Զարիֆին դէմ ԱՄՆ-ին սահմանած պատժամիջոցները կը ցուցադրեն Ուաշինկթընի թուլութիւնը եւ իր «մանկական պահուածքը»։ Այս մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրեսը», օգոստոսի 1-ին յայտարարածէ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին։
«Պատժամիջոցներու սահմանումը մանկական պահուածքի օրինակ կը հանդիսանան մեր արտաքին գործերու նախարարին դէմ։ Այն ցոյց կուտայ Ուաշինկթընի դիրքերու թուլութիւնը Իրանին հետ դիմակայութիւններուն մէջ» , նախագահին խօսքը կը մէջբերէ «Մեհր» գործակալութիւնը։ Ըստ իրեն. «զուգահեռաբար անկարելի է յայտարարել երկխօսութեան ձգտում ունենալուն մասին եւ նման մակարդակի պաշտօնեաներու վրայ պատժամիջոցներ սահմանել»։
Ռուհանին խօսքով՝ «Եթե ամերիկացիները երկխօսութիւն կ’ուզեն,ուրեմն պէտք է հասկնան, որ այն պէտք է իրականացուի արտաքին գործերու նախարարութեան եւ իր ղեկավարին միջոցով», կը jաղորդէ «ԹԱՍՍ»-ը։






