ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-
ԹԱՄԱՏԱ – Ան որ սեղանին համ ու հոտ կու տայ։
ՆԻՒԹԱՊԱՇՏ – Ան որ փողի հետ կ՚ապրի ընդմիշտ հաշտ։
ՆՇԱՆԱԾ – Ան որ սիրտ-նետով նշան է առած։
ՍԱՏԱՆԱՅ – Ան որ օձի պէս շուրջդ կը սողայ։
ՆԱԽԱՆՁ – Ան որ ամէն տեղ կ՚ըսէ՝ նախ իմ անձ։
ԿՆԱՄԵԾԱՐ – Ան որ կիներու առջեւ կ՚ըլլայ ծառ։
ԱՂՔԱՏ – Ան որ բախտի դէմ ունի միշտ գանգատ։
ԱԳԱՀ – Ան որ չի կրնար ըսել՝ բաւ է ալ։
ԶՈՔԱՆՉ – Ան որ կը սոնքայ թէ ունեցաւ մանչ։
ՄԵԿԵՆԱՍ – Ան որ կոյս գիրքը կը դարձնէ հարս։
ԱՅԼԱՍԵՐԱԾ – Ան որ վարք-բարքով դարձած է այլ անձ։
ԱՐԱՐԱԾ – Ան որ Ադամէն շունչ է ժառանգած։
ԴՐԱՄԱՏԷՐ – Ան որ կ՚ըսէ թէ՝ դրամն է իմ տէր։
ԽԵԼԱՑԻ – Ան որ գանկին մէջ ունի վազող ձի։
ԽՆԱՄԻ – Ան որ կը բերէ՝ թէ՛ վարդ, թէ՛քամի։
ԴԱՍԱԼԻՔ – Ան որ կը փախչի երբ տեսնէ ալիք։
ԱՌԱՔԻՆԻ – Ան որ կը մաքրէ ժանգը իր սրտի։
ԱՄՈՒՍԻՆ – Ան որ ծանր բեռ ունի իր ուսին։
ԵՐԳԻՉ – Ան որ կը ծախէ ականջ ծակող ճիչ:
ԳՐՉԱԿԻՑ – Ան որ գրողի դարձած է դրկից։
ՄԱՐՏԻՐՈՍ – Ան որ իտէալի համար կ՚իջնէ փոս։
ՀԵՐՈՍ – Ան որ յետ մահու կը դառնայ փարոս։
ՀՌԵՏՈՐ – Ան որ երբ խօսի կ՚ըլլայ հինգ կտոր։
ԼՐԱԳՐՈՂ – Ան որ կը շրջի որպէս լուրի գող։
ԵՍԱՄՈԼ – Ան որ իր եսին հետ կ՚ըլլայ ամոլ։
ՇԱՏԱԽՕՍ – Ան՝ որու լեզուն է գետ մշտահոս։
ԴԱՄԲԱՆԱԽՕՍ – Ան որ մեռեալը կ՚իջեցնէ փոս։
ՄԱՐԴԱՄՕՏ – Ան որ կը սիրէ առնել մարդոց հոտ։
ԿԱՍԿԱԾՈՏ – Ան որ սխտորէն կ՚առնէ սոխի հոտ։
ԲԱՆԱԳՈՂ – Ան որ ուրիշի միտքը կ՚առնէ փոխ։
ԳԻՆՈՎ – Ան որ թունդ օղին կը խմէ դուխով։
ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴ – Ան որ կը սեղմէ ոսոխի կոկորդ։
ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ – Ան որ խօսք-խոստում մերթ կը նետէ գետ։
ԸՆԿԵՐ – Ան որ քեզի կ՚ըսէ՝ եկուր հետս կեր։
ԹԵԿՆԱԾՈՒ – Ան որ լոկ խօսքով կը բանայ ածու։
ԿԵՍՈՒՐ – Ան որ լեզուին տակ ունի նուշ եւ սուր։
ԲԱԽՏԱԽՆԴԻՐ – Ան որ բախտի հետ ունի միշտ խնդիր։
ԱՊԱՇԽԱՐԱԾ – Ան որ աշխարհի հետ քէն է ըրած։
ՀԱՐԵՒԱՆ – Անոնք որ աչքիդ յաճախ կ՚երեւան։
ԳՐԱՏՈՒՆ – Հոն ուր գիրքերը կ՚առնեն երկար քուն։
ԻՄԱՍՏՈՒՆ – Ան որ ոսկեկերտ ունի մտքի տուն։
ԻՄԱՍՏԱԿ – Ան որ բուն միտքը կ՚առնէ ոտքի տակ։
ԱՆԱՌԱԿ – Ան որ դաս չ՚առներ երբ կարդայ առակ։
ԵԶՆԻԿ ԲԱԼԻԿ
Յուլիս 2019






