«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ԱՄՆի կողմէ Թուրքիոյ ամերիկեան նոր սերունդի Ֆ-35 կործանիչներու ծրագրէն հեռացնելէն ետք ԱՄՆ-երու մէջ այդ կործանիչներուն համար յատուկ կրթութիւն ստացող թուրք օդաչուները սկսած են վերադառնալ Թուրքիա, իսկ իր կողմէն գնուած չորս Ֆ-35-երը մնացած են ԱՄՆ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է թրքական «Տիքեն» լրատուամիջոցը:
Ըստ տեղեկութիւններու՝ թուրք օդաչուներու անձնակազմը բաղկացած էր 43 հոգիէ, որոնք կրթութիւն կը ստանային ԱՄՆերու Արիզոնա և Ֆլորիտա նահանգներու ռազմակայաններուն մէջ: Նախատեսուած էր, որ մինչեւ 2020 թուականը այդ անձնակազմին մէջ ներգրաւուած օդաչուներու թիւը պէտք է հասներ 300-ի:






