Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Փայլան Եւ Կունայ Օգոստոսին Հարաւային Ամերիկա Պիտի Այցելեն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր երկու պատգամաւորներ՝ Էվրու Կունայ (քիւրտ) եւ Կարօ Փայլան (հայ), որոնք անդամ են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 11-24 Օգոստոս պիտի այցելեն Հարաւային Ամերիկայի շարք մը երկիրներ: Այս մասին կը հաղորդէ Azatutyun.am-ը։

Կուսակցութեան ներկայացուցիչները Արժանթինի, Պրազիլի, Չիլիի եւ Ուրուկուէյի մէջ քաղաքական շարք մը պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ պիտի ունենան եւ դասախօսութիւններ պիտի տան Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակին մասին եւ պիտի ներկայացնեն տարուող աշխատանքները՝ մարդկային եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակով:

Երկու խորհրդարանականները նշեալ երկիրներուն մէջ նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենան հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին