Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդը Քննարկած է Սուրիոյ Մէջ «Անվտանգ Գօտի» Ստեղծելու հարցը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին քննարկուած է Սուրիոյ հիւսիսին՝ Եփրատ գետի արեւելեան շրջաններուն, «անվտանգ գօտի» ստեղծելու հարցը, որ արտացոլուած է խորհուրդի նիստէն ետք հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», կը յայտնէ թրքական «Միլլիեթ» լրատուամիջոցը:

«Սուրիոյի հետ թրքական սահմաններու անվտանգութենէն մեկնելով՝ Թուրքիան պիտի շարունակէ տարածաշրջանը մաքրել զինեալներէն եւ ջանք պիտի չխնայէ Սուրիոյ հիւսիսին «անվտանգ գօտի» ստեղծելու ուղղութեամբ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին