Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

ԱՄՆ Պետական Պաշտօնեան Պէյրութի Մէջ Պիտի Քննարկէ «Ուժանիւթի Պահանջը»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը Չորեքշաբթի ժամանեց Պէյրութ, քննարկելու համար Լիբանանի «ուժանիւթի պահանջը»։

Ուժանիւթի գծով ԱՄՆ պետական քարտուղարի օգնական Ֆրանսիս Ֆաննոն հանդիպեցաւ Հարիրիին, որուն «փոխանցեց ԱՄՆ աջակցութիւնը Լիբանանի համար իր բնական պաշարներու պատասխանատու եւ թափանցիկ զարգացման մէջ»,- այս մասին նշուած է Լիբանանի մէջ ԱՄՆ դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Լիբանան իր կեցութեան ընթացքին՝ Ֆաննոն պիտի հանդիպի պետական պաշտօնեաներու, ուժանիւթի գծով մասնագէտներու եւ այլ հիմնարկութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնցմէ է Համաշխարհային Դրամատունը։ Հանդիպումները պիտի ընթանան «ուժանիւթի, ապահովութեան եւ մարզային ուժանիւթի համագործակցութեան» հարցերուն շուրջ։

Կը նախատեսուի նաեւ անոր շրջայցը Տէյր Ամարի Ելեկտրակայան՝ Primesouth ընկերութեան  ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելէ ետք։

«Այս այցը կապ չունի ծովեզերեայ սահմանագիծի քննարկումներուն հետ»,- ընդգծած են դեսպանատունէն։

Ֆաննոնի այցը Պէյրութ մէկ մասն է երեք երկիրներու այցերէն, որ նաեւ կ՝ընդգրկէ Յորդանանն ու Յունաստանը եւ պիտի աւարտի 9 Օգոստոսին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին