Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ Երիտասարդութիւնը Մեծ Դերակատարութիւն Ունի Իբրեւ Շարժիչ Ուժ. Տանէա Էսքար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ԱՄՆ Քոլորատօ նահանգը հետաքրքուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աշխուժացնելու հարցով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, այսօր կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, նշած է Քոլորատոյի նահանգային պատգամաւոր Տանէա Էսքար։

Պատգամաւորը, Հայաստան գտնուելու օրերուն, շարք մը հանդիպումներ ունեցած է  բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ՝ քննարկելու տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:

«Շնորհակալութիւն լաւ ընդունելութեան համար, իսկապէս տպաւորուած ենք: Մենք հետաքրքրուած ենք շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութեամբ, մասնաւորապէս, գիւղատնտեսութեամբ ու տեղեկատուական արհեստագիտութիւններով»,- ըսած է Տանէա Էսքար:

Պատգամաւորը առանձանայատուկ նշած է ԹՈՒՄՕ-ի օրինակը: Անոր խօսքով, պէտք է ձեւ մը գտնել, որ Քոլորատօ նահանգին մէջ եւս ԹՈՒՄՕ բացուի: Տանէա Էսքար նկատած է, որ տարբեր ոլորտներու մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի երիտասարդութիւնը՝ իբրեւ շարժիչ ուժ:

«Ես շատ տպաւորուած եմ Հայաստանի վերջին ներքաղաքական իրադարձութիւններով: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը կատարուեցաւ առանց մէկ կաթիլ արիւն թափելու: Կրնամ ըսել, որ հայերը թաւշեայ յեղափոխութեամբ ոչ միայն փոփոխութիւն բերին Հայաստանի մէջ, այլեւ՝ աշխարհի»,- ըսած է Տանէա Էսքար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին