Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Աուն Հանդիպում Կը Կազմակերպէ՝ Փորձելով Կոտրել Ալէյի Անել Վիճակը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Նախագահ Միշել Աուն Չորեքշաբթի հանդիպում մը կազմակերպեց բարձրակարգ պաշտօնեաներու հետ՝ վերջին ջանքով մը մեղմելու Ալէյի դէպքերէն ետք ստեղծուած լարուածութիւնը։

Աուն հանդիպեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանի, Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի, Պետական նախարար Սելիմ Ժրէյսաթիի, Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի եւ  հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ։

Հանդիպումը կազմակերպուած էր Կառավարութեան նիստերը վերակենդանացնելու նպատակով։ Անոնք չեն կայացած Ալէյի միջադէպէն ի վեր, որովհետեւ քաղաքական հակառակորդ կողմերը չեն համաձայնիր խնդիրին հետաքննութեան հարցով։

Առ այժմ հարցը կը քննուի Ռազմական դատարանին կողմէ, սակայն Արսլան եւ իր դաշնակիցները պահանջած են, որ անիկա յանձնուի Դատական խորհուրդի դատին։

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ իր կողմնակիցները դէմ են նշեալ պահանջին, որուն համար Կառավարութիւնը պէտք է քուէարկութիւն իրականացնէ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին