«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին քննարկուած է Սուրիոյ հիւսիսին՝ Եփրատ գետի արեւելեան շրջաններուն, «անվտանգ գօտի» ստեղծելու հարցը, որ արտացոլուած է խորհուրդի նիստէն ետք հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», կը յայտնէ թրքական «Միլլիեթ» լրատուամիջոցը:
«Սուրիոյի հետ թրքական սահմաններու անվտանգութենէն մեկնելով՝ Թուրքիան պիտի շարունակէ տարածաշրջանը մաքրել զինեալներէն եւ ջանք պիտի չխնայէ Սուրիոյ հիւսիսին «անվտանգ գօտի» ստեղծելու ուղղութեամբ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:






