Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Լոնտոնի Մէջ Սկսած է Տուպայի Կառավարչի եւ Փախուստի Դիմած Անոր Կնոջ Դատական Գործը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մոհամմետ պըն Ռաշիտ Ալ-Մաքթումի եւ փախուստի դիմած անոր կնոջ՝ Հայի պին Ալ-Հուսէյնի ապահարզանի գործով դատական լսումները սկսած են: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես», այդ մասին կը հաղորդէ Telegraph-ը: Աւելի վաղ կը հաղորդուէր՝ շէյխը բողոքարկած է, որպէսզի հասնի ապահարզանի եւ երկու երեխաները իր մօտ պահելու իրաւունքին:

Լսումները կ’ընթանան Լոնտոնի ընտանեկան գործերով բարձրագոյն դատարանին մէջ: Թերթը կը տեղեկացնէ, որ թագուհին անձամբ պիտի ժամանէ լսումներուն:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Ռոյթըր» գործակալութիւնը, թագուհին եւս կը ձգտի հասնիլ երեխաները իր մօտ պահելու իրաւունքին: Ան անգլիական դատարաններէն մէկուն յայտարարութիւն տուած է՝ պահանջելով ամուսնութիւնը ճանչնալ բռնի եւ տրամադրել անվտանգութիւն՝ հնարաւոր սպառնալիքներէն եւ ոտնձգութիւններէն պաշտպանուելու համար:

Բրիտանական «Sun» պարբերականը հաղորդած էր, որ շէյխի կինը փախած է Տուպայէն 11-ամեայ աղջկան եւ 7-ամեայ տղուն հետ, իր հետ վերցնելով 31 միլիոն սթեռլինկ, որ կը կազմէ 39 մլն տոլար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին