Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Թրամփը, Ռոուհանին եւ Զելենսկին Կը Ծրագրեն Ելոյթ Ունենալ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –114 պետութիւններու ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան կառավարութիւններու 80 ղեկավարներ ու արտաքին գործերու նախարարներ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի ամպիոնէն ելոյթ պիտի ունենան Սեպտեմբեր 24-30 տեղի ունեցող բարձր մակարդակի ընդհանուր քաղաքական բանավէճերու ընթացքին, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:

Այն երկրներու շարքին, որոնք Ընդհանուր Ժողովի 74-րդ նստաշրջանին ներկայացուած պիտի ըլլան իրենց ղեկավարներով, ծրագրի մէջ, մասնաւորապէս, նշուած են ԱՄՆ, Իրան, Վենեզուելա, Ֆրանսա, Ուքրանիա, Ղազախստան, Լիպիա, Հարաւային Քորէա եւ Իրաք:

Պետութիւններու ղեկավարներէն աւանդաբար առաջինը ելոյթ կ’ունենայ Պրազիլը: Անկէ անմիջապէս ետք ամպիոն կը բարձրանայ ընդունող երկրի ղեկավարը՝ Տոնալտ Թրամփը: ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի դիւանատան մէջ նշած են, որ ելոյթներու ծրագիրը նախնական Է: Մինչեւ ընդհանուր քաղաքական բանավէճերու սկսիլը անիկա կրնայ փոփոխութիւններու ենթարկուիլ: ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի նախաձեռնութեամբ բանավէճերու նախաշեմին, Սեպտեմբեր 23-ին, ՄԱԿ-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ եղանակի փոփոխութեան բնագաւառի միջոցառումներուն նուիրուած գագաթնաժողով՝ աշխարհի ղեկավարներու, կառավարութիւններու անդամներու, ֆինանսական շրջաններու, պիզնէսի եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու համար: Այդ նախաձեռնութիւնը միտուած Է Փարիզի համաձայնագրի իրականացման ջանքերու աջակցման, հաղորդած Է ԹԱՍՍ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին