Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Խումբ Մը Ճարտարապետներ Առաջարկած են Ժամանակաւոր Տաճար Կառուցել Նոթր Տամի Առջեւի Հրապարակին մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ֆրանսայի մէջ ներկայացուցած են Նոթր Տամի վերակառուցման ընթացքին միլիոնաւոր հաւատացեալներու եւ զբօսաշրջիկներու համար ժամանակաւոր տաճարի նախագիծ: Իբրեւ հեղինակներ հանդէս եկած են Փարիզի մէջ գտնուող Gensler բիւրոյի ճարտարապետները, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:

Նախագիծը, որ ստացած Է «Նոթր Տամի տաղաւար» անուանումը, դարձած Է Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վանահայր Պատրիկ Շովէի կոչի արձագանգը, «ժամանակաւոր տուն կառուցելու» Նոթր Տամի «ծխականներուն» համար, որ սաստիկ տուժած Է այս տարուայ Ապրիլին տեղի ունեցած հրդեհէն: Ինչպէս նշած Է France-Presse գործակալութիւնը, եթէ նախագիծը հաւանութեան արժանանայ Փարիզի իշխանութիւններու կողմէ, շուրջ վեց ամիս կը պահանջուի ժամանակաւոր տաճարի ստեղծման համար, որուն մակերեսը կը կազմէ 1,7 հազար քառակուսի մեթր: Նախագիծի հեղինակները կ’առաջարկեն տաղաւարը կառուցել Նոթր Տամ տաճարի առջեւի հրապարակին մէջ: Նախագիծի համաձայն՝ շէնքը կրնայ օգտագործուիլ ոչ միան կրօնական արարողութիւններու, այլեւ ցուցահանդէսներու եւ համերգներու համար, հաղորդած Է ԹԱՍՍ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին