«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –114 պետութիւններու ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան կառավարութիւններու 80 ղեկավարներ ու արտաքին գործերու նախարարներ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի ամպիոնէն ելոյթ պիտի ունենան Սեպտեմբեր 24-30 տեղի ունեցող բարձր մակարդակի ընդհանուր քաղաքական բանավէճերու ընթացքին, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:
Այն երկրներու շարքին, որոնք Ընդհանուր Ժողովի 74-րդ նստաշրջանին ներկայացուած պիտի ըլլան իրենց ղեկավարներով, ծրագրի մէջ, մասնաւորապէս, նշուած են ԱՄՆ, Իրան, Վենեզուելա, Ֆրանսա, Ուքրանիա, Ղազախստան, Լիպիա, Հարաւային Քորէա եւ Իրաք:
Պետութիւններու ղեկավարներէն աւանդաբար առաջինը ելոյթ կ’ունենայ Պրազիլը: Անկէ անմիջապէս ետք ամպիոն կը բարձրանայ ընդունող երկրի ղեկավարը՝ Տոնալտ Թրամփը: ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի դիւանատան մէջ նշած են, որ ելոյթներու ծրագիրը նախնական Է: Մինչեւ ընդհանուր քաղաքական բանավէճերու սկսիլը անիկա կրնայ փոփոխութիւններու ենթարկուիլ: ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի նախաձեռնութեամբ բանավէճերու նախաշեմին, Սեպտեմբեր 23-ին, ՄԱԿ-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ եղանակի փոփոխութեան բնագաւառի միջոցառումներուն նուիրուած գագաթնաժողով՝ աշխարհի ղեկավարներու, կառավարութիւններու անդամներու, ֆինանսական շրջաններու, պիզնէսի եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու համար: Այդ նախաձեռնութիւնը միտուած Է Փարիզի համաձայնագրի իրականացման ջանքերու աջակցման, հաղորդած Է ԹԱՍՍ:






