«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ֆրանսայի մէջ ներկայացուցած են Նոթր Տամի վերակառուցման ընթացքին միլիոնաւոր հաւատացեալներու եւ զբօսաշրջիկներու համար ժամանակաւոր տաճարի նախագիծ: Իբրեւ հեղինակներ հանդէս եկած են Փարիզի մէջ գտնուող Gensler բիւրոյի ճարտարապետները, կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրես»:
Նախագիծը, որ ստացած Է «Նոթր Տամի տաղաւար» անուանումը, դարձած Է Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վանահայր Պատրիկ Շովէի կոչի արձագանգը, «ժամանակաւոր տուն կառուցելու» Նոթր Տամի «ծխականներուն» համար, որ սաստիկ տուժած Է այս տարուայ Ապրիլին տեղի ունեցած հրդեհէն: Ինչպէս նշած Է France-Presse գործակալութիւնը, եթէ նախագիծը հաւանութեան արժանանայ Փարիզի իշխանութիւններու կողմէ, շուրջ վեց ամիս կը պահանջուի ժամանակաւոր տաճարի ստեղծման համար, որուն մակերեսը կը կազմէ 1,7 հազար քառակուսի մեթր: Նախագիծի հեղինակները կ’առաջարկեն տաղաւարը կառուցել Նոթր Տամ տաճարի առջեւի հրապարակին մէջ: Նախագիծի համաձայն՝ շէնքը կրնայ օգտագործուիլ ոչ միան կրօնական արարողութիւններու, այլեւ ցուցահանդէսներու եւ համերգներու համար, հաղորդած Է ԹԱՍՍ:






