Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Սահմաններուն եւ Սահմաններէն Հեռու Նախաապրիլեան Վիճա՞կ Կը Հասուննայ

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից 

Մեկնարկը՝ Սպանութեամբ

Մեկնարկը տրուած էր աւելի վաղ, երբ ատրպէյճանական կողմը սկսած էր հետեւողական բարձրացնել լարուածութիւնը թէ ՀՀ պետական սահմանին, թէ Արցախի սահմանին: Կրակոցները աշխուժացած են: Արդէն նկատելի է դիպուկահարներու համակարգուած աշխատանքը: Սակայն հետաքրքրական տրամաբանութեամբ՝ հակառակորդը աւելի աշխոյժ է ոչ թէ Արցախի ուղղութեամբ, այլ ՀՀ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու երկայնքով: Նոյնիսկ՝ Նախիջեւանի կողմէ ՀՀ բնակավայրերու ուղղութեամբ կրակոցներ եղած են, ինչը հազուադէպ երեւոյթ է: Ցաւօք, կրակոցները անհետեւանք չեղան: Յուլիս 28-ին ՀՀ սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է ՀՀ ԶՈՒ պայմանագրային զինծառայող, 1995 թուականին ծնած Արման Պուլղատարեանը։ «Ցաւալի լուր. այսօր ՀՀ սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է ՀՀ ԶՈՒ պայմանագրային զինծառայող, 1995թ. ծնած Արման Արայիկի Պուլղատարեանը։ Կը ցաւակցինք Արմանի հարազատներուն»,- այդ օրը ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է ՊՆ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը: Յուլիս 28-ին ձախ արմուկին հրազէնային վնասուածով Նոյեմբերեանի Բժշկական Կեդրոն տեղափոխուած է 33-ամեայ պայմանագրային զինծառայող: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Հայաստանի  Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը: Ան նշած է, որ զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար: Արծրուն Յովհաննիսեանը միջադէպին անդրադարձած է նաեւ իր ֆէյսպուքեան էջին, նշելով, որ վիրաւորը Վլատիմիր Հայկազի Օսիպեանն է։ Զինծառայողը վիրաւորուած է հակառակորդի կրակոցէն:

Պաքուն Կը Փորձէ Խաղալ 2016-ի Ապրիլեան Նոյն Խա՞ղը

Վերլուծաբաններէն շատերը այս զարգացումները կը նմանցնեն 2016-ի ապրիլեան պատերազմին նախորդած իրադարձութիւններուն: Արդեօ՞ք այսօր հակառակորդի կողմէն սադրանքներու հաւանականութիւնը նոյնքան բարձր է, որքան 3 տարի առաջ. դժուար է պատասխանել: Յամենայն դէպս՝ թէ առաջնագծին, թէ անկէ հեռու՝ իրավիճակը արմատական փոփոխութիւններու ենթարկուած է, եւ այսօր ունինք այլ վիճակ, քան եղածէ 2016-ին:

Կայ Նաեւ Այլ Կարծիք. Պաքուն Կը Յարձակի՞, Թէ՞ Կը Պաշտպանուի

Առաւել հաւանական է, որ նման խելայեղ քայլերով Պաքուն կը փորձէ բան մը կասեցնել: Բանը, այս պարագային, դժուար թէ հայկական կողմերէն ռազմական յարձակումը ըլլայ: Թէ Երեւանը, թէ Ստեփանակերտը բազմիցս յայտարարած են, որ կողմնակից են հարցի խաղաղ կարգաւորման եւ հաւատարիմ կը մնան այդ յանձնառութեան՝ կարեւորելով բանակցութիւններու համար կայուն միջավայրի ապահովման անհրաժեշտութիւնը եւ շեշտելով, որ առանց այդ պայմաններու բանակցիլը ուղղակի անիմաստ կ’ըլլայ: Արդեօ՞ք Պաքուն անոր չէ որ կը ձգտի՝ բանակցային գործընթացի սառեցման: Յատկապէս վերջին շրջանին հնչած յայտարարութիւններէն շատերը հաստատ Ատրպէյճանին հաճելի չեն: Խօսքը Երեւանի կողմէ պարբերաբար յիշեցումներն են՝ Վիեննայի եւ Փեթերպուրկի յանձնառութիւնները կատարելու անհրաժեշտութեան մասին: Անոնց վրայ կ’աւելնայ նաեւ՝ միջազգային հանրութեան եւ ուժային կեդրոններէն եկող հաղորդագրութիւնները: Մասնաւորապէս՝ Ուաշինկթոն կը շարունակէ պնդել, որ Արցախի եւ Ատրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին հրադադարի խախտման հետաքննութեան միջոցներ տեղադրուին՝ տեսախցիկներ եւ այլն: Փաստացի՝ հայկական կողմը այդ բոլորը արդէն կան եւ, ըստ անհրաժեշտութեան, ժամանակ առ ժամանակ անոնց միջոցով կատարուած նկարահանումները կը տրամադրուին միջնորդներուն՝ որպէս ապացոյց, որ նոյն ատրպէյճանական կողմը կը խախտէ հրադադարը: Ուաշինկթոն կ’առաջարկէ յաջորդ քայլը՝ միջոցներ ձեռնարկել խախտումներ կատարողը սաստելու համար: Պաքուն հաստատ այս մէկը  չի հաւնիր: Միւս կողմէ, սակայն, իր գործողութիւններով Պաքուն եւս մէկ անգամ կը հաստատէ, որ նման միջոցներու տեղադրումը սահմանին անհրաժեշտութիւն է:

Պատասխանը Եղած է Համարժէք

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վերջին օրերու լարուածութիւնը կապուած է երկու կողմերու մէջ իրականացուող ճարտարագիտական աշխատանքներու հետ, լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ ՀՀ պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեանը:  «Վերջին օրերուն լարուածութիւն կը նկատուի հայաստանեան սահմաններուն մէջ եւ, ցաւօք, ունինք զոհ եւ վիրաւոր, սակայն հակառակորդի գործողութիւններուն մեր զինուած ուժերը համարժէք պատասխան տուած են»,- նշեց Բալայեան եւ աւելցուց, որ մանրամասնութիւններուն չի կրնար անդրադառնալ, քանի որ քրէական գործ յարուցուած է: Խօսելով այն մասին, թէ ինչ է լարուածութեան պատճառը, փոխնախարարը շեշտեց, որ որոշակի առումով պատճառը երկու կողմերու մէջ կատարուող ճարտարագիտական աշխատանքներն են: «Մենք յայտարարած ենք, որ հիմա շատ թափով երկու կողմերու մէջ ալ ճարտարագիտական աշխատանքներ կը կատարուին, այսինքն՝ մենք մեր դիրքերը կ’ամրապնդենք, հակառակորդն ալ իրը: Մենք կը կասեցնենք որեւէ յառաջխաղացման փորձ»,- ըսաւ Բալայեան: Անոր խօսքով՝ հայկական կողմը ծառայութիւնը կ’իրականացնէ այնպէս, որպէսզի հակառակորդը չկարենայ դիրքային առաւելութիւն ձեռք բերել:

Որքան ալ զարմանալի թուի, Պաքուն, ըստ էութեան հայկական կողմերու ոչ թէ համարժէք, այլ անհամարժէք, աւելի կոշտ պատասխանը կ’ակնկալէ՝ բանակցային գործընթացը սառեցման տանելու իր մարտավարութիւնը միջնորդներու առջեւ արդարացնելու հիմք ունենալու համար: Այս պարագային արդէն կ’ակնկալուի՝ հայկական դիւանագիտական բանակի աշխուժութիւնը: Անիկա ալ չուշացաւ:

Պաքուն Կը Մօտենայ Կարմիր Գիծին. ՀՀ ԱԳՆ-ն Կ’ահազանգէ

Հայաստանի  արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակը  յայտարարութիւն տարածած է  Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման վերաբերեալ, ուր մասնաւորապէս կ’ըսուի. «Յուլիս 27-ին եւ 28-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը Հայաստանի հանրապետութեան  պետական սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին դիպուկահարներու ներգրաւմամբ իրականացուցած են սադրիչ գործողութիւններ, որոնց հետեւանքով սպաննուած է Հայաստանի  զինուած ուժերու զինծառայող Արման  Պուլղատարեանը եւ վիրաւորուած է եւս երկու զինծառայող: Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի միտումնաւոր եւ սադրիչ խախտումները կը հակասեն հրադադարի պահպանման եւ  ամրապնդման վերաբերեալ ստանձնած պարտաւորութիւններուն, որոնք վերջին շրջանին արձանագրուած են նաեւ երկու երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով այս տարուայ Մարտ 29-ին տեղի ունեցած Վիեննայի գագաթաժողովի ընթացքին: Անոնք կ’անտեսեն նաեւ արտաքին գործերու նախարարներու Յունիս 20-ին Ուաշինկթոնի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու  ընդունած յայտարարութիւնը, ուր կողմերուն կոչ կ’ուղղուէր խստօրէն պահպանել հրադադարը յարգելու յանձնառութիւնը եւ ձեռնպահ մնալ շփման գիծին եւ պետական սահմանին դիպուկահարներու օգտագործմամբ սադրիչ գործողութիւններէն: Խստօրէն կը դատապարտենք մարդկային զոհերու յանգեցնող այս սադրանքները, որոնք կ’ուղեկցուին Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի պահպանման եւ ամրապնդմանն ուղղուած վստահութեան եւ անվտանգութեան միջոցառումներու իրականացման մերժումով: Այս գործողութիւնները կը ստեղծեն լարուածութեան աճի վտանգ, որուն ողջ պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ ատրպէյճանականի վրայ:

Որպէս Վերջաբան

Առայժմ՝ այսքանը: Միջազգային հանրութեան լռութիւնը 2016-ին յանգեցուց ապրիլեան պատերազմին: Ինչպէս կը զարգանան իրադարձութիւնները այս անգամ՝ պարզ կը դառնայ յառաջիկայ ամիսներուն:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին