Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Պըրրի եւ Հարիրի Կը Հանդիպին. Քաղաքական Անել Վիճակը Կը Շարունակուի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի Երկուշաբթի ունեցան արտակարգ զրոյց մը։ Նոյն օրը Կառավարութեան հանդիպումը դարձեալ չկայացաւ Ալէյի միջադէպին պատճառով, ինչպէս նաեւ այն պատճառով, որ նախագահը կ՝ուշացնէր 2019-ի պետական պիւտճէի ստորագրութիւնը։

Վարչապետը կը փորձէր վերսկսիլ կառավարութեան նիստերը, որոնք կասեցուած են 30 Յունիսի Քապըր Շմունի բախումներուն հետեւանքով:

Կառավարութեան աշխատանքը կասեցուեցաւ, երբ նախագահ Միշել Աուն ընդհատեց պիւտճէի ստորագրութիւնը՝ նկատի առնելով հարցականի տակ գտնուող այն յօդուածը, որ կը նշէ քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի դիմորդներու աշխատանքի ընդունումը, որոնք յաջողած են իրենց քննութիւններուն։

Եթէ նախագահը չստորագրէ՝ օրէնքին կատարումը մէկ ամիս պիտի ուշանայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին