Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Արսլան Կը Պահանջէ Որ Դատական Խորհուրդը Վերանայի Ալէյի Հարցը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան Երկուշաբթի պնդեց, որ անցեալ ամսուան Ալէյի դէպքերուն հետաքննութիւնը իրականացնէ Դատական խորհուրդը՝ ընդգծելով իր դիրքորոշումը բանավէճի մը ընթացքին, որ կը խոչընդոտէր կառավարութեան հանդիպումը մօտ մէկ ամիս:

«Մենք ունինք մէկ պահանջ,- ըսաւ ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին եւ աւելցուց,- Մենք որեւէ խնդիր չունինք կառավարութեան նիստ գումարելու, բացի մէկէն։ Արդեօ՞ք հրաձգութեան հարցը Դատական խորհուրդին յանձնելը պէտք է դառնայ կառավարութեան օրակարգի առաջին կէտը»:

Հարցը առ այժմ կը քննուէր Զինուորական դատարանին կողմէ, թէեւ ան կրնայ տեղափոխուի Դատական խորհուրդ, նկատի առնելով որ անիկա աւելի մասնագէտ է զգայուն հարցերու գծով։

«Չեմ կարծեր, որ մենք նիստ պիտի գումարենք քննարկելու սովորական հարցեր, որոնք առնչուած են միջավայրին կամ այլ որոշումներու հետ»,- ըսաւ Արսլան՝ նշելով, թէ կառավարութեան մէջ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ներկայացնող Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ «որեւէ նիստի պիտի չմասնակցի մինչեւ հարցին քննարկումը»։

Ըստ Արսլանի հարցը պէտք է դրուի կառավարութեան քուէարկութեան, իսկ կառավարութիւնը 30 Յունիսի դէպքէն ի վեր տակաւին նիստ չէ գումարած։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին