Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

«Երկու լեզուներուն մօտեցման Նախաքայլ ու Հիմնաքար Ըլլալու Առաւելագոյն Հնարաւորութիւնը Ունի «Ոսկէմիջին» Ուղղագրութիւնը». Անդրանիկ Տագէսեան

Զրոյցը՝ ԿԱՐԻՆԷ ՌԱՖԱՅԷԼԵԱՆ

«Իրատեսի» հիւրը Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, «Հայկազեան հայագիտական հանդէս» տարեգիրքի պատասխանատու քարտուղար, դոկտոր Անդրանիկ Տագէսեանն է: Անոր հետ ծաւալուն զրոյցի մէկ հատուածը արդէն հրապարակուած է «… Եւ ոչ միայն մշակոյթի մասին» խորագրի ներքոյ: Այսօր մենք կանդրադառնանք արեւմտահայերէնարեւելահայերէն չհանդարտող հակամարտութեան եւ լիբանանահայութեան գոյութենական որակներուն:

Արեւմտահայերէնի ճակատագրով մտահոգ Սփիւռքը մշտապէս կարծարծէ դասական ուղղագրութեան անցնելու եւ արեւմտահայերէնին զարկ տալու նպատակը: Բայց չէ՞ որ արեւելահայերէնը, որ շքեղ ու լայն գործածական լեզու է, կարելի չէ զոհաբերել այդ նպատակին: Արեւելահայերէնի օր օրի հարստացող բառապաշարը, ամենատարածուած օտար եզրոյթներն անգամ հայեցի համարժէքներով փոխարինելու հետեւողական ջանքը, զոր կը գործադրեն հայաստանցի լեզուաբանները, կարելի չէ թերագնահատել եւ չհպարտանալ այս հարստութեամբ: Նմանապէս խոնարհումի է արժանի այն գորովանքը, զոր կը տածեն սփիւռքահայերը արեւմտահայերէնի հանդէպ՝ զայն առաւելագոյնս զերծ պահելով օտարաբանութիւններէ: Մեր ոսկեղէնիկ մայրենիի երկու ճիւղերուն միջեւ հնարաւոր չէ՞ հաշտարար սահման մը գծել եւ ստեղծել հնարաւորութիւն, որ անոնք զարգանան զուգահեռաբար՝ առանց մէկը միւսէն զիջումներ ակնկալելու


– Եթէ կը խօսինք զուգահեռ ընթացքի մասին, ապա զուգահեռականութիւնը փոխզիջում կ՚ենթադրէ: Ըսեմ, նաեւ թէ արեւելահայերէնը եւս վտանգուած լեզու կրնայ դառնալ շուտով…: 
Ընդունինք՝ առանց երկմտանքի, որ երկուքն ալ ազգային հարստութիւններ են: Ընդունինք նաեւ, որ դասական ուղղագրութիւնը արեւմտահայերէնի սեփականութիւնը չէ: Արեւելահայերէնը կը տարբերի արեւմտահայերէնէն ոչ միայն ուղղագրութեամբ: Իրատեսական չէ որ երկուքէն մէկը իր քերականական եւ շարահիւսական համակարգէն հրաժարի ու որդեգրէ միւսինը: Լեզուն միջավայրի դրսեւորում է նաեւ. այս երկուքը եւ իրենց իւրայատկութիւններն ու տարբերութիւնները յառաջացած են հարիւրաւոր տարիներու ընթացքին եւ անկարելի է որ անոնք նոյնանան կամ միանան: Սակայն այս երկուքին հասարակաց հողը անցեալն է, ուղղագրութիւնը: Հետեւաբար, յարաբերաբար իրատեսական է որ արեւելահայ ուղղագրութիւնը քայլեր կատարէ դէպի դասական ուղղագրութիւն, իսկ արեւմտահայերէնը քայլեր կատարէ դէպի «արեւելահայ ուղղագրութիւն» եւ տակաւ ձեւաւորուի «ոսկէմիջին» ուղղագրութիւն մը, որ դասական ուղղագրութեան մերօրեայ գործնապաշտ դրսեւորումը ըլլայ: Ուղղագրութիւն մը որ դիւրացնէ արեւմտահայերէնի ուսուցումը արտասահմանի մէջ (ուստի եւ ապահովէ անոր երկարակեցութիւնը), եւ ուղղագրութիւն մը որ մատչելիացնէ զանոնք անջատաբար գործածողները իրարու եւ նպաստէ երկու լեզուներու փոխշփումի ծաւալումին: Նման վիճակ մը աւելի հեզասահ կը դարձնէ երկու լեզուներուն բառապաշարի եւ ոճական փոխհարստացումը, որ կը մօտեցնէ երկու լեզուները իրարու եւ եթէ քիչ մը կը ջրեղէ արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնով, կը հարստացնէ նաեւ արեւելահայերէնը արեւմտահայ իւրայատկութիւններով: Կը կարծեմ որ երկու լեզուներուն մօտեցման նախաքայլ ու հիմնաքար ըլլալու առաւելագոյն հնարաւորութիւնը ունի «ոսկէմիջին» ուղղագրութիւնը:

Լիբանանի մէջ հայկական հետքի շեշտուած առկայութիւնը ուղղակի ապշեցնող է: Որքա՜ն ջանք ու ամենօրեայ հոգածութիւն կը պահանջուի ընդամէնը մէկ հարիւրամեակ առաջ բնաջնջումէ մազապուրծ ազգէ մը՝ օտար երկրի մէջ այդպէս բարձր ու հպարտ ներկայացուած ըլլալու համար: Որ՞ն է լիբանանահայերու գլխաւոր խթանը այս առումով:
-Պատճառներ շատ կան. թերեւս պէտք է առանձնացնել պետութեան դրուածքը, որ կ՚իրաւականացնէ համայնքներու գոյութիւնը եւ զանոնք կը դարձնէ պետութեան բաղադրիչ: Այլ խօսքով, եթէ Արեւմուտքի մէջ քաղաքացի անհատն է գոյացուցիչը պետութեան, Լիբանանի մէջ համայնքն է գոյացուցիչը: Երկիրը համայնքներու համադաշնութիւն մըն է: Կան եւ այլ երեւոյթներ. Լիբանան փոքրամասնութիւններու երկիր է, պետականակիր եւ պետականատէր համայնք գոյութիւն չունի: Հայոց պարագային նաեւ պէտք է նշել հայկական յարաբերական խտութիւնը, հայութեան ընդունուած եւ ճանչցուած բացայայտ ներկայութիւնը: Հայութեան ներքին միասնականութիւնը, մեր կարողականութիւնը՝ կարեւորը աւելի՛ էական օրակարգերէն զատորոշելու եւ հիմնական ուղղութիւններով մեր առօրեան ու համայնքը զարգացնելու գիտակցութիւնը: Այլամերժութեան սահմանափակուածութիւնը: Իսկ ինչ կը վերաբերի զուտ հայկական յատկանիշերուն, ապա պէտք է գիտակցիլ, որ լիբանահայ սքանչելի իրագործումը ոչ թէ լիբանանահայու, այլ հայու՛ յատկանիշ է, որ կարգ մը վայրերու մէջ արհեստականօրէն կը ճնշուի, այլապէս հայուն հրաշք ճարտարութիւնը գերազանց արդիւնքներ կու տայ ամէնուրէք։

irates.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին