Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Բակօ Սահակեան Գանձասարի Վանական Համալիրի Մէջ Մասնակցած է Վարդավառի Տօնակատարութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 28-ին Գանձասարի վանական համալիրի մէջ մասնակցած է Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան՝ Վարդավառի տօնակատարութեան:

Նախագահը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գիրքի վերահրատարակութեան շնորհանդէսին:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն, Բակօ Սահակեանը կարեւորած է ազգային մշակութային արժէքներու պահպանման եւ մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան նպաստող գիրքերու եւ աշխատութիւններու նշանակութիւնը:

Նախաձեռնութիւններուն ներկայ էին Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին