Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Մոսկուայի Կեդրոնին Մէջ Կազմակերպուած Բողոքի Ցոյցին Կը Մասնակցի Աւելի Քան Երեք Հազար Մարդ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –ՌԴ մայրաքաղաք Մոսկուայի կեդրոնին մէջ Յուլիս 27-ին տեղի ունեցած է չհամաձայնեցուած բողոքի ցոյց, որուն կը մասնակցի շուրջ 3500 մարդ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է մայրաքաղաքի ոստիկանութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Ցոյցը քաղաքի իշխանութիւններուն հետ համաձայնեցուած չէ: Աւելի վաղ Մոսկուայի քաղաքապետ Սերգէյ Սոբիանինը յայտարարած էր, որ անկարգութիւններ կազմակերպելու փորձերը լաւ բանի չեն յանգեցներ, քաղաքի մէջ կարգ ու կանոնը պիտի հաստատուի օրէնքի համաձայն:

Բողոքի ցոյցի կազմակերպիչները կը պահանջեն Մոսկուայի քաղաքային տումայի ընտրութիւններուն անկախ թեկնածուներու գրանցում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին