Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Ժոմպլաթ Նասրալլային Կոչ Կ՝ընէ Ալէյի Հետաքննութեան Սպասելու

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլային՝ Ալէյի բախումներուն համար նախքան Դատական խորհուրդին դիմելը՝ սպասելու հետաքննութեան արդիւնքներուն։

«Զարմացած եմ, թէ ինչպէս Նասրալլան իր դատավճիռը տուաւ՝ շրջանցելով դատական հետաքննութիւնները,- ըսաւ Ժոմպլաթ եւ ընդգծեց,- Յարգելով  Նասրալլայի տեղեկութիւնը՝ խորհուրդ կու տամ իրեն սպասելու հետաքննութեան արդիւնքներուն, գիտնալու համար անհրաժեշտ է Դատակա՞ն խորհուրդի կամ ինուորական դատարանը»։ 

Նշենք, որ նախորդ Ուրբաթ օր Նասրալլա յայտնած էր, թէ ինք աջակցած էր Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանի պահանջին՝ դիմելու Դատական խորհուրդ, որ երկրի բարձրագոյն ատեանն է։

«Եթէ խնդիր ունինք եւ կ՝ուզենք հակադրուիլ մէկուն ուղղակիօրէն կ՝ընենք։ Եթէ Հըզպալլան խնդիր մը ունենայ, պիտի հակադրուի ձեզի ուղղակիօրէն եւ ոեւէ դաշնակիցի ետին պիտի չպահուի։ Մենք ատիկա ընելու ուժը ունինք»,- ըսաւ Նասրալլա՝ ակնարկելով Ժոմպլաթը, որ Հըզպալլայի աջակցութիւնը Արսլանին կը տեսնէ իբրեւ վնաս տիւրզի առաջնորդի դիրքին։

Նշենք, որ գործին ուղղորդումը Դատական խորհուրդին՝ կառավարութեան հանդիպման ժամանակ եղած է գագաթնակէտային արգելափակում մը:

Կառավարութիւնը շաբաթներ շարունակ չէր հանդիպեր՝ խուսափելու համար նախարարներու մէջ նախատեսուող խնդիրներէն։

Ան (կառավարութիւնը) տակաւին կրնայ քուէարկել գործը դատական խորհուրդ ուղարկելու համար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին