«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –«Պատիւ ունիմ» ծրագիրով երիտասարդները յետայսու զինուորական ծառայութեան պիտի մեկնին 2 տարի 3 ամիս ժամկէտով՝ նախկին երեք տարուայ փոխարէն:
«Այժմ զինակոչիկը դպրոցը աւարտելէն ետք կը ստանայ բարձրագոյն կրթութիւն եւ կը զօրակոչուի զինուորական ծառայութեան 2 տարի 3 ամիս ժամկէտով: Տղաները Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ նախապէս պայմանագիր կը կնքեն, համաձայն որուն կը պարտաւորուին կրթութիւն ստանալէն ետք ծառայութեան մեկնիլ որպէս սպայ»,- «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ, լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ ՀՀ գլխաւոր զինուորական կոմիսարի պաշտօնակատար Արմէն Աւթանդիլեանը։
Ան յայտնած է նաեւ, որ պայմանագիր կնքած տղաներուն՝ համալսարանի ուսման վարձը պիտի վճարէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Աւարտելէն եւ սպայական ծառայութեան անցնելէն ետք տղաները կը ստանան սպայական աշխատավարձ:






