Քիչերը գիտեն, որ Վենետիկի Սան Մարքօ հրապարակի սիւնին վրայ կանգնած առիւծը, որ դարեր շարունակ կը խորհրդանշէ Վենետիկը, իրականութեան մէջ հայոց վերջին թագաւորութեան՝ Կիլիկիոյ առիւծն է, որ պահուած էր Վենետիկի մէջ մեր արքայութեան կործանումէն ետք: Հայոց արքայական խորհրդանիշներու ընդունման արարողութիւնը, որուն համար դուքսը մեծ շքախումբով, նաւերու վրայ ծով ելած էր հայ պատուիրակներուն հանդիպելու համար, յետոյ վերածուեցաւ աշխարհահռչակ վենետիկեան փառատօնի, որուն իրական շարժառիթը արդէն երկար ժամանակ է մոռցած են, թէ՛ Վենետիկի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ: Մնացած է միայն դուքսի ծիսական ելքը նաւով բաց ծով որպէս փառատօնի մեկնարկի նշան եւ ոսկէ մատանին ծովուն մէջ նետելու աւանդոյթը՝ իբրեւ հայոց թագի եւ խորհրդանիշներու հետ փոխանակման պատասխան նուէրը ծովուն, քանի որ Կիլիկիան այլեւս չկայ…
Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ Կիլիկիան չկայ: Կիլիկիան կայ ու պիտի մնայ իրմէ ծագում առած իր բոլոր զաւակներուն սրտերուն ու հոգիներուն մէջ: Անոնց հաւաքական յիշողութեան մէջ մեծ դեր կը գրաւէ ան: Իսկ եթէ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու անոր գահակալին հզօր գոյութիւնը պիտի երաշխաւորէ Հայ ժողովուրդի զաւակներուն հոգեմշակութային կապուածութիւնը անոր հետ ապա ԳՈՀԱՐ համոյթին ու անոր մտայղացողին ու ֆինանսաւորողին ամէն առիթով անոր դրօշներուն բարձր ծածանիլ տալը ամենուրէք, պիտի յուշէ բոլորին՝ ըլլան անոնք Հայ թէ օտար, որ Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր վանքերուն եւ մշակոյթին կողքին, զանոնք պահող հզօր թագաւորներ ալ ունեցած է: Հայ ժողովուրդը միշտ չէ, որ կեղեքուած է կամ գտնուած է կրաւորական դիրքերու վրայ: Հայ ժողովուրդը աշխարհին, միայն Ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի մը նմոյշը չէ: Հայ ժողովուրդը ունեցած է ինչպէս աշխարհակալ նաեւ մերձաւոր արեւելքի ամենափոթորկոտ ծովերուն վրայ դիւանագիտութեամբ եւ նաեւ քաջութեամբ լաւագոյնս նաւարկող իշխաններ ու թագաւորներ յանձինս Առիւծներու Երկիր Կիլիկիոյ Իշխանապետութիւնն ու Թագաւորութիւնը:
Հետեւեալ տողերուն մէջ պարզ պիտի դառնայ, որ ինչպիսի բծախնդրութեամբ եւ առաքելութեան վեհ գիտակցութեամբ ու անսակարկ պատասխանատուութեամբ Կիլիկիոյ արժանաւոր զաւակ Յարութ Խաչատուրեան կը շարունակէ աշխարհին ծանօթացնել իր պապերուն մշակոյթն ու սխրագործութիւնները:
«Կիլիկիա Առիւծներու Երկիր». երեք Ֆիլմերու նախածրագիրը աւելի քան շնորհակալութեան արժանի նախաձեռնութիւն մըն է ու փաստ մը, որ հոն ուր մենք հաւաքական նախաձեռնութիւններով դժբախտաբար ձախողած ենք երբեմն, անհատական մակարդակի վրայ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած ենք յօգուտ եւ ի փառս մեր պատկանած ժողովուրդին:
Շնորհակալութիւն եւ յարատեւ կոռով ու աննկուն հաւատք Յարութ Խաչատուրեանին եւ իր գործակից երիտասարդներուն:
«Խմբ.»
Պէյրութի մէջ վերջերս «Մեթրօպոլիս Էմփայեր Սոֆիլ» թատերասրահէն ներս, կայացաւ «Կիլիկիա. Առիւծներու երկիր» երեք պատմական ֆիլմ-ակնարկի փակ դիտումը:
Այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է «ԳՈՀԱՐ» համոյթի հիմնադիր՝ Խաչատուրեան ընտանիքի, մասնաւորապէս, լիբանանահայ բարերար Յարութ Խաչատուրեանի նիւթական անսակարկ հովանաւորութեամբ:
«Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի սերունդներու մէջ վառ պահել երբեմնի հզօր եւ հպարտ թագաւորութեան ժառանգները ըլլալու գաղափարը։ Կիլիկիոյ պատմութիւնը ներկայացնող ժապաւէնը մեծ արձագանգ կը գտնէ յատկապէս լիբանանահայերու ու աշխարհասփիւռ հայերու շրջանակէն ներս, քանի որ անոնց մեծամասնութիւնը իր արմատներով այնտեղէն կը սերի։ Կիլիկիոյ դրօշակները, որոնք բազմիցս ծածանած են «ԳՈՀԱՐ»-ի համերգներու ժամանակ բազմահազար հանդիսատեսի կողմէ, սկսած են ծածանիլ նաեւ պաստառէն այն կողմ՝ պատմական հերոսներու ձեռքերուն մէջ»,- այս առիթով ըսած է Յարութ Խաչատուրեան։
Իր կարգին նման ֆիլմով մը հանդէս գալու մտայղացումը ունեցած ու անոր արտադրող Սեւակ Սերոբեան իր այս գաղափարով ուզած է մանաւանդ ո՛չ Հայ հանդիսատեսին ցոյց տալ, որ Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին ունեցած է նաեւ Ցեղասպանութենէ բացի այլ դրուաքներ եւս, որոնք յաղթական եղած են:
Տիկ. Գոհար Խաչատուրեան
25 վայրկեան տեւողութեամբ երեք ֆիլմ-ակնարկերը ամփոփ, գեղարուեստական մօտեցմամբ, հանդիսատեսին հաղորդակից կը դարձնեն Կիլիկիոյ հզօրագոյն թագաւորական արքայական տոհմերու երեք հարիւր ամեայ պատմութեան, որոնց լիարժէք բովանդակութեամբ ու տեւողութեամբ ֆիլմերերու պատրաստութեան ու ցուցադրումին անհամբեր պիտի սպասէ հանդիսատեսը:
«Ֆիլմ-ակնարկներու արտադրական ընթացքը թէ՛ ժամանակացոյցի, թէ՛ ծաւալի տեսանկիւնէն կը համապատասխի լիամեթրաժ ֆիլմ ստեղծելու գործընթացին։ Մեր նպատակն էր ստեղծել բարձր որակային չափանիշներուն համապատասխան ժապաւէն, որ կը հաւակնի իր խօսքը ըսելու ժամանակակից պատմական համաշխարհային ֆիլմի արտադրութեան ասպարէզէն ներս եւ Հայաստանը ճանաչելի կը դարձնէ՝ որպէս այս ոլորտէն ներս զարգացման մեծ ներուժ ունեցող երկիր։ Բոլոր նկարահանումները կատարուած են Հայաստանի մէջ, սկսած լայնածաւալ մարտի տեսարաններէն մինչեւ ծովամարտ, որուն նկարահանումները իրականացուցած ենք «Կիլիկիա» նաւուն վրայ։ Ժապաւէնը յագեցած է հարուստ տեսողական լուծումներով եւ համակարգչային ծրագրաւորումով»,- ըսաւ բեմադրիչ՝ Աշոտ Առաքելեան։ Պէտք է նշել, որ ֆիլմ-ակնարկները նկարահանուած են հայաստանեան «Տոմինօ Փրոտաքշն» ընկերութեան կողմէ: Յագեցած ըլլալով պատմական ժանրին բնորոշ ֆիլմարտադրական նորարար լուծումներով՝ այս նախագիծը իր բնոյթով առաջիններէն է հայկական շուկայի մէջ։
Ձախէն՝ Աշոտ Առաքելեան, Յարութ Խաչատուրեան, Սարօ Սերոբեան եւ Սեւակ Սերոբեան
Ըստ հեղինակներուն՝ ֆիլմ-ակնարկներուն մէջ առաւելագոյնս պահպանուած է պատմական հաւաստիութիւնը, սակայն նիւթի մատուցման գեղարուեստական եւ թատերական մասը ապահովելու նպատակով կան պատմական դրուագներ, որոնք ներկայացուած են բեմադրիչի իւրայատուկ ստեղծագործ մօտեցմամբ: Դերասանական կազմը ընտրելու ժամանակ նախապայման եղած է ոչ թէ յայտնի դերասաններու մասնակցութիւնը, այլ արհեստավարժ կերպարներու ներգրաւումը։ Ֆիլմ–ակնարկները նկարահանելու ժամանակ ստեղծագործական խումբը օգտուած է արխիւներու մէջ եղած պատմական նիւթերէն, համագործակցած պատմաբանի հետ։ Ստեղծագործական խումբը ձգտած է հնարաւորինս ճշգրիտ պահպանել եւ հանդիսականին փոխանցել տուեալ ժամանակաշրջանի շունչը: Ֆիլմ-ակնարկներու համար գուած է յատուկ երաժշտութիւն, որ ձայնագրուած է «ԳՈՀԱՐ» սիմֆոնիք նուագախումբի եւ երգչախումբի կատարմամբ:
Ձեւաւորուելով ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայ ժողովուրդը չունէր պետականութիւն, Միջերկրական ծովու ափին՝ Կիլիկիոյ հողին մէջ, ստեղծուեցաւ նոր հայկական իշխանապետութիւն, որ իր երեքդարեայ պատմութեան ընթացքին կրցաւ պահպանել իր անկախութիւնը եւ հիմնել հզօր թագաւորութիւն։
Առաջին ֆիլմ-ակնարկը կը ներկայացնէ Կիլիկիայի պատմութիւնը՝ հիմնադրման օրուընէ մինչեւ ամենաազդեցիկ թագաւորներէն մէկուն` Ռուբինեաններու տոհմէն սերող Լեւոն Մեծագործի գահակալումը:
Երկրորդ ֆիլմ-ակնարկը կ’արտացոլէ 13-րդ դարու իրադարձութիւնները, Լեւոն Ա թագաւորի դուստր Զապէլի, անոր խնամակալ Կոնստանդին Պայլի եւ Զապէլի ամուսին՝ Հեթումեաններու թագաւորութեան հիմնադիր Կիլիկիոյ թագաւոր Հեթումի կերպարները, տիրող պալատական բարքերն ու խարդաւանքները։
Երրորդը կը ներկայացնէ 1219-1375 թթ․ պատմութիւնը ապա չորս կողմէն կեղեքուող Կիլիկիան եւ յուսկ անոր վերջին թագաւոր Լեւոն Զ Լուսինեանին, որուն յուղարկաւորութեամբ 1399ին կ’աւարտի ֆիլմ-ակնարկը։
Ըստ խոստացուածին, յառաջիկային ֆիլմ-ակնարկներու առաջին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանի մէջ։
«Զ.»