Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Այն ալ-Հիլուէ Վերաբացաւ Իր Դռները Աշխատանքային Ճնշման Գործադուլէն Ետք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Սայտայի Այն ալ-Հիլուէ պաղեստինեան գաղթակայանը Շաբաթ օր բացաւ իր դռները՝ մօտ երկու շաբաթ տեւած ցոյցերէ ետք, որոնք բողոք էին Աշխատանքի նախարարութեան կողմէ օտարահպատակ աշխատաւորներու հանդէպ եղած ճնշումներուն։ 

Սննդամթերքի, բանջարեղէնի, վառելանիւթի եւ այլ իրերով բեռնուած փոքր բեռնատարեր մտան Լիբանանի ամենամեծ պաղեստինեան բնակավայր՝ Այն ալ-Հիլուէ, որ վերսկսաւ իր բնականոն գործունէութիւնը՝ բողոքի ցոյցերէն ետք:

Նշենք, որ գործադուլի սկիզբէն ի վեր՝ Այն ալ-Հիլուէի ցուցարարները արգելափակած էին բնակավայրին մուտքերը՝ կանխելով բնակիչներուն հեռանալը եւ սննդամթերքի մուտքը:

Լիբանանի 12 պաղեստինեան բնակավայրերուն մէջ, անցնող երկու շաբաթներուն, կ՝ընթանային ցոյցեր՝ Աշխատանքի նախարարութեան կողմէ օտարահպատակ աշխատաւորներուն հանդէպ եղած ճնշումներուն դէմ։

Աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման կը պնդէր, թէ գործողութիւնը, որ ստուգողները տուգանած եւ փակած են շարք մը աշխատատեղեր, պարզապէս կ՝իրականացնէ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող աշխատանքային օրէնքը, ըստ որուն օտարահպատակ աշխատողները պէտք է աշխատանքային արտօնութիւն ստանան։

Պաղեստինցիները, սակայն, կը պնդեն, թէ արշաւը անարդար կերպով թիրախ դարձուցած է զիրենք, քանի որ իրենցմէ շատեր չունին աշխատանքի արտօնութիւն ստանալու համար անհրաժեշտ փաստաթուղթեր եւ որոնք, ի տարբերութիւն այլ աշխատանքային գաղթականներու, փախստականներ են եւ չունին հայրենիք, ուր կրնան վերադառնալ:

Այն ալ-Հիլուէի աղբիւրներուն համաձայն՝ ցուցարարներու յանձնախումբը հանդիպեցաւ Ուրբաթ օր եւ որոշեց վերաբանալ բնակավայրի մուտքերը, այսօր իրականացնել Լիբանանեան-պաղեստինեան համերաշխութեան օր եւ ցոյցերը շարունակել ամէն Ուրբաթ, մինչեւ Աշխատանքի նախարարութիւնը վերջ տայ ճնշումներուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին