Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին Տիւրզի Համայնքի Ներկայացուցիչները

Այս առաւօտ՝ Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց տիւրզի համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Այցելութեան նպատակն էր տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ Շէյխ Աքլ Տրուզի անունով՝ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրել Երեքշաբթի օր տեղի ունենալիք իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովին:

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետին ողջոյնները փոխանցելով, պատուիրակութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան գծով Վեհափառ Հայրապետին տարած աշխատանքներուն թէ՛ Լիբանանէն ներս եւ թէ Միջին Արեւելեան միջազգային մակարդակներու վրայ: Հայրապետը իր կարգին ըսաւ, թէ փոքր երկագունդին վրայ ազգեր, կրօններ, մշակոյթներ ու երկիրներ, պահելով հանդերձ իրենց ինքնուրոյնութիւնը ու անկախութիւնը, անհրաժեշտ է որ իրարու հետ գործակցին փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան մթնոլորտին մէջ:

Տիւրզի պատուիրակութիւնը նաեւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, Շուֆի մէջ հաստատուած Ազունիէ հայ հիւանդանոցին կատարած մարդասիրական ծառայութիւնը, առանց կրօնական ու համայնքային խտրութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին