Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ Հաստատուելիք Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիրին

Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին (AUB) արուեստի ու գիտութեանց բաժանմունքի տնօրէնուհի Դոկտ. Նատիա Էլ Շէյխի, ընկերակցութեամբ նոյն բաժանմունքին քաղաքական գիտութեանց ճիւղի դասախօս Դոկտ. Ժան Կէօքճեանի:

Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ համալսարանէն ներս հայագիտական ուսմանց ծրագիր մը հաստատելու գծով: Մօտէն իմանալէ ետք ծրագիրին մանրամասնութիւնները, Վեհափառ Հայրապետը, որ նաեւուսանող եղած է յիշեալ համալսարանին մէջ, իր գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեց նման ծրագիրի մը իրագործման:

Հայագիտական ուսմանց անունը կրող ծրագիրը պիտի ներառէ հայագիտական նիւթի մը առնչուած դասընթացք, դասախօսութիւն, սեմինար, օտար դասախօսներու կողմէ ներկայացումներ, ուսումնասիրութիւններ եւ հրատարակութիւններ՝ ըստ յարմարութեան:

Ծրագիրը կարելի է սկսիլ մէկ միլիոն ամերիկեան տոլարի դրամագլուխով, որուն տարեկան տոկոսը պիտի տրամադրուի յիշեալ ծրագիրներուն: Ծրագիրին պատրաստութեան ու գործադրութեան հսկող յանձնախումբ մը պիտի նշանակուի, որուն մաս պիտի կազմեն նաեւ մեկենասները:

Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս ողջունելի ու գնահատելի կը գտնէ նման նախաձեռնութիւն մը, նկատի ունենալով Լիբանանի հայ համայնքի ներկայացուցած կարեւորութիւնը երկրէն ներս, ինչպէս նաեւ ամերիկեան համալսարանին ունեցած վարկը Միջին Արեւելքէն ներս:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին