ԱՐՏԱՒԱԶԴ ԱԲՂ. ՇԱՐՈՅԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
Այլակերպութիւնը եւ Պայծառակերպութիւնը որ նաեւ Վարդավառ անունով ծանօթ է շատերուս, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տաղաւար տօներէն երրորդն է։ Պայծառակերպութիւնը նախապէս կը յիշատակուէր Օգոստոս 11-ին, սակայն ժամանակ մը ետք, երբ Մովսէս Բ. Եղիվարդեցի Կաթողիկոսի ձեռամբ հայ տոմարին վերատեսութիւնը տեղի ունեցաւ 551-ին, նկատի ունենալով որ Օգոստոս ամսուան ընթացքին սկսած էր կատարուիլ ուրիշ մեծ տօն մը՝ Աստուածածնի Վերափոխումը, այդ իսկ պատճառով պայծառակերպութեան տօնը բաժնուեցաւ Նաւասարդի ամանորական օրէն, եւ իբրեւ տնօրինական յիշատակ կապուեցաւ Յարութեան տօնին, եւ աւելի առաջ տարուելով սկսաւ յիշատակուիլ Զատկէն 14 շաբաթներ ետք։
Հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, իւրաքանչիւր տօն ունի իր յատուկ խորհուրդը եւ պատգամը։ Այստեղ նաեւ պէտք է յիշել, թէ այդ օրուան տօնը կը հարստանայ, կը ճոխանայ իր գեղեցիկ աւանդութիւններով, որոնց ընդմէջէն հաւատացեալը ամռօրէն կը կապուի այդ տօնին խորհուրդին։ Այլակերպութեան այս գեղեցիկ տօնին առիթով ստորեւ հակիրճ կերպով պիտի խօսինք բոլորիս ծանօթ աւանդութիւններու մասին, ապա աւելի մօտէն պիտի անդրադառնանք այդ բոլորին նշանակութեան։
Ա.- Ջրախաղ։ Ըստ աւանդութեան այրեր, ծերեր, կիներ ու մանուկներ վարդավառի տօնը կ՚արտայայտեն իրարու վրայ կուժով ջուր սրսկելով, կամ ջուրին մէջ մխրճելով։ Այդ մէկը Նոյի օրերէն մուտք գործած ու զարգացած է Հայաստան աշխարհէն ներս, այդպիսով մենք այս աւանդութեան ընդմէջէն զիրար կը յիշեցնենք ջրհեղեղի պատմութիւնը։
Բ.- Աղաւնի թռցնել։ Ինչպէս ջուրը իրար վրայ սրսկելով կը յիշենք ջրհեղեղի պահուն եղած փոթորիկը, այլ խօսքով, այն ալեկոծ եւ փոթորկոտ պատմութիւնը, նոյնպէս ալ աղաւնի թռցնելը մեզի ջրհեղեղի միւս պատկերը կը յնշեցնէ. երբ ամէն բան վերջ գտած ու հանդարտած էր. այսօր մենք եւս երբ աղաւնի կ’արձակենք կը յիշենք ջրհեղեղի խաղաղ աւարտը։
Վերեւ հակիրճ կերպով անդրադարցանք Վարդավառէն մեզի փոխանցուող աւանդութիւններուն մասին, իսկ այժմ ամփոփ ձեւով պիտի յիշենք այլակերպութեան դրուագը եւ պիտի փորձենք անդրադառնալ անկէ մեզի հասող պատգամին մասին, որ ամէն տարի իւրաքանչիւր Քրիստոնեայի համար առիթը կը հանդիսանայ իր հոգին Քրիստոսի խօսքերով այլակերպելու, շնչելու Քրիստոսի խօսքը, Քրիստոսը վերապրեցնելու իր կեանքէն ներս եւ Վարդավառի ընդմէջէն լոյս վարելու մարդուս կեանքին մէջ։
«Այս խօսքերը ըսելէ շուրջ ութը օրեր ետք, Յիսուս իր հետ առնելով Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը, լեռ ելաւ աղօթելու։ Եւ մինչ կ’աղօթէր, անոր դէմքը այլակերպեցաւ եւ հագուստը փայլուն սպիտակ գոյն առաւ։ Եւ ահա երկու հոգիներ՝ Մովսէսն ու Եղիան երեւցան իրենց փառքով, կը խօսէին Յիսուսի հետ՝ իր մահուան մասին, որ պիտի պատահէր Երուսաղէմի մէջ։ Պետրոսի եւ իրեն ընկերացողներուն աչքերը քունով ծանրացած էին, բայց սթափեցան եւ տեսան Յիսուսի փառքը եւ երկու մարդիկը, որոնք անոր հետ էին։ Երբ Մովսէս ու Եղիա կը մեկնէին, Պետրոս ըսաւ Յիսուսի.
– Վարդապե՛տ, լաւ է որ հոս մնանք. երեք վրաններ շինենք՝ մէկը քեզի՝ մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար։
Սակայն չէր գիտեր թէ ի՞նչ կ’ըսէր։ Տակաւին Պետրոս կը խօսէր, երբ ամպ մը եկաւ եւ շուքի տակ առաւ զանոնք։ Աշակերտները վախցան, երբ ամպը ծածկեց զիրենք։ Ամպին մէջէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ’ըսէր.
– Ա՛յս է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր մտիկ ըրէք։
Մինչ այս ձայնը կը լսուէր, Յիսուս առանձին էր։ Աշակերտները այդ օրերուն լուռ մնացին եւ ոեւէ մէկուն չպատմեցին իրենց տեսածներուն մասին։»
Վերոյիշեալ Քրիստոսի այլակերպութեան դրուագը ամփոփ պատկերն է ամբողջական պատմութեան: Քրիստոս անոնց դիմաց կ՚այլակերպուի՝ աղօթքով կ՚այլակերպուի: Ան իր աշակերտներուն եւ անոնց ընդմէջէն մեզի աղօթել կը սորվեցնէ: Մարդոց համար աղօթել եւ Եկեղեցւոյ համար աղօթել՝ առանց վհատելու աղօթել: Մենք այլակերպութեան տօնին օրը կը յիշենք վարդավառը, սակայն պէտք չէ մոռնանք այլակերպութիւնը, պէտք չէ մոռնանք Քրիստոսի կողմէ մեզի ուղղուած խորհուրդը: Քրիստոսի այլակերպութեամբ կը սորվինք, թէ աղօթքով կրնանք փոխել մեր անձերը: Աղօթքով կրնանք նոր մարդ դառնալ: Այլակերպութեան տօնին առիթով մեր աղօթական կեանքին մէջ աճինք եւ Քրիստոսի հետ մեր ուխտը նորոգենք:
Այլակերպութեան օրն էր եւս, որ աստուածային յայտնութիւն մը տեղի կ՚ունենայ, որ կ՚ըսէ. «Ա՛յս է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր մտիկ ըրէք» (Ղկ 9.35): Այս համարը մեզի կը սորվեցնէ, թէ միայն աղօթելով պէտք չէ բաւարարուիլ, այլ նաեւ պէտք է Աստուծոյ ընտրեալ Որդւոյն մտիկ ընել: Միայն մենք չէ որ պիտի խօսինք, այլեւ զԱստուած պիտի խօսեցնենք:
Ահաւասիկ երկու ճշմարտութիւններ, որոնք մեզի կը սորվեցնեն Աստուծոյ հետ խօսիլ եւ Աստուծոյ մտիկ ընել: Եթէ մինչեւ օրս չէինք խօսած եւ եթէ չէինք խօսեցուցած զԱստուած, այսօր այլակերպութեան տօնին ընդմէջէն միասնաբար խօսինք Աստուծոյ հետ եւ թոյլ տանք, որ նաեւ Ան խօսի մեզի հետ, որովհետեւ միայն այն ատեն է որ Հօր եւ որդիի յարաբերութիւնը ճիշդ ձեւով պիտի իմաստաւորուի եւ մեր անձերը Քրիստոսի լոյսով փոխակերպուին:






