Ֆրանսացի մայրապետ Տոմինիք Յիսուսի երիտասարդ տարիքէն անդամակցած է Յիսուսի Փոքրիկ քոյրեր միաբանութեան։
Պուրճ Համուտի Սանճաք Քէմփին մէջ միաբանութիւնը ունեցած է եկեղեցի եւ հասած է բոլոր հայ կարօտեալ ընտանիքներու պէտքերուն։ Քէմփի վերակառուցումէն ետք ալ , 1970-ական թուականներուն ան մնացած է այդտեղ։ Քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն դեղօրայք ապահոված է Պուրճ Համուտի կարօտեալ ընտանիքներուն ու հասած վիրաւորներու պէտքերուն։
Իր միջազգային կապերը ի սպաս դրած է նիւթական օժանդակութիւն ապահովելու համար Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Վատիկանէն եւ եւրոպական շատ մը երկիրներէն։ 1978 թուականին Սանճաք Քէմփը ենթարկուեցաւ կործանումի եւ վնասը մեծ էր։ Քոյրը մեկնեցաւ Եւրոպա եւ Լիբանանի հայ ժողովուրդին համար զօրաշարժի ենթարկեց եւրոպացիները։ Քէմփը իր ճիգերով վերանորոգուեցաւ։
1988 թուականինի Կիւմրիի երկրաշարժէն ետք Հայաստան մեկնեցաւ, ստանձնելու համար Կիւմրիի մէջ հիմնուած իտալական հիւանդանոցի տնօրէնի պաշտօնը։ Ան իր բոլոր Լիբանան մնացող քոյրերէն խնդրեց Կիւմրի հաստատուիլ։ Քոյր Տոմինիք մնաց այդ հիւանդանոցինն մէջ մինչեւ մահը։
Խունկ եւ աղօթք իր պայծառ յիշատակին։
Ծանօթ՝ Հոգեհանգստեան արարողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Քոյր Տոմինիքի յիշատակին, Կիրակի 28 Յուլիս 2019-ին, Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 8:30-ին։