Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Պէյրութի Վարչութիւնը

Չորեքշաբթի, 24 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան Պէյրութի վարչութիւնը։ Այցելութեան նպատակն էր փոխանցել կուսակցութեան ղեկավար Տոքթ. Սամիր Ժաաժաաին ողջոյններն ու յարգանքը հայ համայնքին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահել վերջին շրջանին երկրէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ եւ պարզել կուսակցութեան տեսակէտը։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ նաեւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, յատկապէս տնտեսական ու քաղաքական մարզերէն ներս։ Հայրապետը հրամայական նկատեց առաջնահերթութիւն տալու ներքին միասնակամութեան, մանաւանդ վերջերս Շուֆի մէջ տեղի ունեցած ցաւալի երեւոյթի մը լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ տնտեսական կեանքին առաւել զարգացման։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին